Իրան կը մտահոգուի TRIPP ծրագրին ծիրէն ներս իր սահմաններուն մօտ ամերիկեան ներկայութեամբ

Իրանի դեսպան

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային կարեւոր հարցերէն է TRIPP ծրագրէն բխող վտանգներու կառավարումն ու հաւանական մարտահրաւէրներու չէզոքացումը:

Դես­պա­նը շեշ­տած է, որ Իրանի սահ­մաննե­րուն մեր­ձա­կայ­քը ամե­րիկա­ցինե­րու ներ­կա­յու­թեան վե­րաբե­րեալ իր երկրին մտա­հոգու­թիւնը խիստ արդար ու տրա­մաբա­նա­կան է, եւ անհրա­ժեշտ է այդ մտա­հոգու­թիւննե­րուն տալ յստակ պա­տաս­խաններ: Ան աւել­ցուցած է, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը հա­ւաս­տած է, թէ այս ծրագ­րին գոր­ծադրումն ու Միացեալ Նա­հանգնե­րու ներ­կա­յու­թիւնը որե­ւէ սպառ­նա­լիք չեն ստեղ­ծեր Իրա­նի հա­մար:

Շիրղոլամի ընդգծած է այնպիսի գործիքակազմի մը ստեղծման կարեւորութիւնը, որ Հայաստանին թոյլ պիտի տայ օգտագործել ապաշրջափակման իր ամբողջ ներուժը՝ միեւնոյն ժամանակ կառավարելով ամերիկեան ներկայութեան հաւանական վտանգները: Ան նաեւ յայտնած է, որ կողմերը կը ձեռնարկեն քայլերու՝ ռազմավարական գործընկերութեան համապարփակ փաստաթուղթի մը ստորագրման ուղղութեամբ, որ նոր հորիզոններ պիտի բանայ քաղաքական, անվտանգութեան, պաշտպանական եւ տնտեսական մարզերէն ներս: