Արագածոտնի մէջ յայտնաբերուած են 3000-ամեայ հնածոներ
Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Շամիրամ հնավայրին մէջ 2026-ի հայ-իտալական հնագիտական արշաւախումբի պեղումները երեւան հանած են հազարամեակներու պատմութիւն ընդգրկող բացառիկ գտածոներ: Հնագիտական աշխատանքները իրականացուած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին ու Միջերկրականեան եւ արեւելեան ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան (ISMEO) երկարամեայ գիտական համագործակցութեան ծիրէն ներս:
Ամէնէն ուշագրաւ յայտնաբերումներէն է «Թիւ 3» պայմանական անուանումը կրող, ուշ պրոնզի դարաշրջանին պատկանող վերնախաւային մեծ դամբարանը։ Ան կը յատկանշուի համակեդրոն քարէ շրջանակներով եւ կեդրոնական քարէ խուցով: Դամբարանին մէջ յայտնաբերուած են պրոնզէ զէնքեր, վանակատէ (obsidian) եւ մետաղէ նետասլաքներ, հարուստ յուղարկաւորութեան նուէրներ, ինչպէս նաեւ՝ ծիսական նպատակներով զոհաբերուած ձիու մը մնացորդները: Այս գտածոները նոր լոյս կը սփռեն ժամանակաշրջանի տեղական վերնախաւին եւ թաղման սովորութիւններուն վրայ:
Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են նաեւ Ուրարտուի թագաւորութեան հիմնադրումէն առաջ՝ միջին երկաթի դարուն պատկանող կառոյցներու հետքեր: Միաժամանակ, վերջնապէս հաստատուած է տարածքին մէջ գտնուող ուրարտական ամրոցին վիթխարի ծաւալն ու պաշտպանողական նշանակութիւնը:
Հնագոյն պարիսպներուն վրայ յայտնաբերուած միջնադարեան կառոյցներն ու կենցաղի հետքերը կը վկայեն, որ Շամիրամի հնավայրը բնակուած էր հնադարէն շատ աւելի կանուխ: Նորայայտ փաստերը կը հաստատեն տարածքի օգտագործման բացառիկ շարունակականութիւնը՝ ընդգրկելով ուշ պրոնզի դարը, երկաթի դարը, ուրարտական, յետուրարտական, հելլենական, ուշ անթիք, միջնադարեան եւ յետմիջնադարեան դարաշրջանները:
Հնագէտներու համոզումով՝ այս նորայայտ տուեալները կ՚ամրապնդեն Շամիրամի կարգավիճակը իբրեւ Հայաստանի ամէնէն կարեւոր հնագիտական վայրերէն մէկը, որ կը պահպանէ Կեդրոնական Հայաստանի հազարամեակներու պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ կենցաղի շարունակական վաւերագրութիւնը:
