Արցախցիներու բնակարանային ապահովման համար
Հայաստանի կառավարութիւնը 284 միլիոն տոլար վարկ կը նախատեսէ
Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ հաւանութիւն տալ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունէն 284,4 միլիոն տոլար վարկ առնելու օրէնքի նախագիծին՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային խնդիրներու լուծման նպատակով: Այս ուղղութեամբ համապատասխան որոշումները կայացուած են կառավարութեան Յուլիս 9-ի նիստին:
Որոշումի հիմնաւորումներուն համաձայն՝ նախատեսուած 284 միլիոն տոլարէն առնուազն 250 միլիոնը վարկային միջոցներ են, մնացեալ 34 միլիոն տոլարը՝ Հայաստանին պիտի տրամադրուի իբրեւ դրամաշնորհ: Այս ծրագիրը նպատակաուղղուած է 109 հազար բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային լուծումներու հասանելիութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ անշարժ գոյքի շուկայի ընդլայնման:
Ծրագիրը կը բաղկանայ երեք հիմնական բաժիններէ. առաջինը կ՚ընդգրկէ բնակարանային նպաստները, երկրորդը՝ բնակարանային շուկայի գանձատրման զարգացումը, իսկ երրորդով կը նախատեսուի ապահովել ծրագրին կառավարումը, հաղորդակցութիւնն ու վերահսկումը:
