Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կառուցել երեք սահմանային անցակէտ
Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ կառուցել երեք սահմանային անցակէտ, որոնց իրագործման առաջին նախապայմանը պիտի ըլլայ նախատեսուած տարածքներու ականազերծումը։ Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս՝ ներկայացնելով ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին նուիրաբերուած ականազերծման արդիական մեքենան։
Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք մեքենան պիտի ծառայէ՞ միայն սահմանամերձ բնակչութեան անվտանգութեան, թէ՞ նաեւ ենթակառուցային ծրագրերուն, դեսպանը ընդգծած է անոր երկկողմանի նշանակութիւնը։ «Հաղորդակցութեան ուղիներու ծրագրերը կը պահանջեն մաքրել այն տարածքները, ուրկէ անոնք պիտի անցնին։ Ինչպէս գիտէք, մենք արդէն յանձնառու եղած ենք կառուցելու երեք սահմանային անցակէտ, եւ այժմ կ՚աշխատինք այդ ծրագիրի մանրամասնութիւններուն վրայ։ Ականազերծումը առաջին անհրաժեշտ քայլը պիտի ըլլայ, որպէսզի այդ կարեւոր շինարարական աշխատանքները յառաջ ընթանան”,– նշած է Մարակոս՝ առանց յստակացնելու սահմանային անցակէտերուն վայրերը։
Դեսպանը աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հետեւողականօրէն կը խորացնէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ ներդրումներ կատարելով թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ ենթակառուցային զարգացման մարզերէն ներս։ Անոր համաձայն՝ այս գործակցութիւնը արդէն իսկ շօշափելի արդիւնքներ կու տայ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար։
Բացի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութենէն (EUMA) եւ այլ ծրագրերէն, որոնք կը միտին ապահովել հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան անվտանգութիւնը, դեսպանը շեշտած է նաեւ ականազերծման կառոյցներուն հետ գործակցութիւնը՝ կեանքեր փրկելու գործին մէջ։ Ան մանրամասնած է, որ Խրուաթիոյ մէջ արտադրուած եւ Հայաստանին յանձնուած ականազերծման այս մեքենան եւրոպացի հարկատուներու զօրակցութեան շօշափելի մէկ դրսեւորումն է Հայաստանի նկատմամբ։
20 թոն կշռող ականազերծման մեքենան
Մարակոսի նշած ականազերծման մեքենան, որ կը կշռէ 20 թոն եւ հեռակառավարելի է, արդէն հասած է Հայաստան։ Ըստ Հայաստանի կառավարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ այս յատուկ սարքաւորումը պիտի աջակցի հանրապետութեան տարածքին վտանգաւոր նկատուած գօտիներուն մէջ իրականացուող մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներուն։

Նշենք, որ Հայաստան մօտ օրէն պիտի ստանայ այս մեքենայէն հատ մըն ալ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բոլոր սարքաւորումներով յագեցած շտապ օգնութեան երկու ինքնաշարժ։
Կը նախատեսուի, որ այս մեքենաները գործածուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազերպայճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի զատման գործընթացին մէջ։
