Ռուբէն Վարդանեանի կինը նամակներ յղած է…

ՌՎ

…Փաշինեանին, ԵՄ-ին, Կարմիր խաչին եւ ազերի պաշտօնատարի մը՝ Պաքուի մէջ հայ պատանդներուն այցելելու նպատակով

Ապօրինաբար բանտարկուած հայ գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, պաշտօնական եւ դիւանագիտական խողովակներու դիմած է՝ կիներէ բաղկացած միջազգային մարդասիրական պատուիրակութիւն մը Պաքու ուղարկելու եւ հոն պահուող հայ պատանդներուն այցելելու իր նախաձեռնութիւնը յառաջ մղելու նպատակով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8-ին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ, ան նշած է, որ բաց նամակներ յղած է չորս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ ակնկալելով անոնց աջակցութիւնը այցելութեան կազմակերպման եւ անվտանգութեան երաշխաւորման գծով.

  • Սապինա Ալիեւային՝ Ազերպայճանի Մարդկային իրաւանց յանձնակատարին, խնդրելով այցելութիւնը կազմակերպել իր հովանիին տակ:
  • Միրիանա Սփոլիարիչ Էկկերին՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահին, խնդրելով մասնակցիլ կամ աջակցիլ այցելութեան:
  • Նիկոլ Փաշինեանին՝ ՀՀ վարչապետին, խնդրելով Հայաստանի կառավարութեան գործնական աջակցութիւնն ու համակարգումը:
  • Քայա Քալլասին՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին, խնդրելով եւրոպական կառոյցներու դիւանագիտական ուշադրութիւնը:

Մարդասիրական առաքելութիւն եւ անվտանգութեան երաշխիքներ 

Այս նախաձեռնութիւնը, որուն մասին առաջին անգամ յայտարարուած էր Յունիս 15-ին, բացառապէս մարդասիրական բնոյթ կը կրէ: Նպատակն է հանդիպիլ Պաքուի մերձակայքը գտնուող «Ումպաքի» բանտային համալիրին մէջ պահուող հայ պատանդներուն, վերականգնել անոնց կապը ընտանիքներուն հետ, յանձնել նամակներ, լուսանկարներ եւ անձնական իրեր:

Զոնապենտ շեշտած է, որ այցելութիւնը կարելի չէ իրագործել առանց անվտանգութեան պաշտօնական երաշխիքներու՝ ներառեալ Ազերպայճան մուտքի, բանտարկեալներուն մօտենալու եւ մասնակիցներու անվտանգ վերադարձի ապահովումը: Ան աւելցուցած է, որ այս հարցը այլեւս պէտք է ընթանայ պաշտօնական խողովակներով, այլ ոչ թէ իբրեւ մասնաւոր խնդրանք:

ԿԽՄԿ-ին ուղղուած դիմումը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները 2025 Սեպտեմբերին փակած էին Պաքուի մէջ Կարմիր Խաչի գրասենեակը՝ վերջ դնելով պատանդներուն հասանելիութիւն ապահովող միակ անկախ մարդասիրական կապին: Միեւնոյն ժամանակ, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը 2026 Յունուարին ապահոված էր չորս քաղաքացիական անձերու ազատ արձակումը, Երեւանը կը քննադատուի մնացեալ բանտարկեալներուն համար յստակ գործիքակազմ չստեղծելուն համար:

19 հայ պատանդներ 

Ներկայիս Ազերպայճանի մէջ կը պահուին 19 հայ պատանդներ, որոնք գերեվարուած են 2023 Սեպտեմբերին, երբ իննամսեայ շրջափակումէն ետք ազերի ուժերը յարձակում գործեցին Արցախի վրայ՝ հարկադրելով հայ բնակչութիւնը լքելու իր հայրենիքը:

Գերեվարուածներուն շարքին են Արցախի նախկին ղեկավարները. Ռուբէն Վարդանեանն ու նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուած են 20 տարի բանտարկութեան, մինչ նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը եւ զինուորական այլ բարձրաստիճան հրամանատարներ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած են շինծու դատավարութիւններով, զորս յանցագործութիւն որակած է նաեւ «Էմնըսթի Ինթըրնէշընըլ»-ը։

Զոնապենտ կոչ ուղղած է աջակցութեան նամակներ յղելու աշխարհի տարբեր ծագերէն՝ զանոնք ընտանեկան ծրարներու հետ պատանդներուն յանձնելու նպատակով: Նամակները (որեւէ լեզուով) կարելի է ուղարկել contact@freearmenianprisoners.com հասցէին՝ նիւթի բաժինին մէջ նշելով «Letter of Support, Armenian Detainees» (եթէ ուղղուած է որոշակի անձի մը, պէտք է աւելցնել նաեւ անոր անունը):

Սա մարդկային հիմնական իրաւունք է՝ ցոյց տալ, որ անոնք մոռցուած չեն”,– եզրափակած է ան: