Մոսկուա կը քննադատէ Արծրուն Յովհաննիսեանի նշանակումը
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա խիստ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է՝ քննադատելով Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի նշանակումը Հայաստանի Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի պետի պաշտօնին:
Զախարովա յղում կատարած է Յաղթանակի օրուան 80-ամեակին՝ 2025 Մայիս 9-ին, հայկական հեռատեսիլէն Յովհաննիսեանի կատարած յայտարարութիւններուն։ Ըստ ռուս բանբերին, Յովհաննիսեան ափսոսանք յայտնած է 1943-ին Սթալինկրատի մէջ գերմանական «Վերմախտ»-ի ուժերու կրած պարտութեան համար եւ ենթադրել տուած, որ նացիական Գերմանիոյ պարտութիւնը արգելք հանդիսացած է, որ Հիթլեր անկախ «Մեծ Հայաստան» մը ստեղծէ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ նախապէս այս հարցը բարձրացուցած է հայ պաշտօնատարներուն մօտ, որոնք զայն որակած են իբրեւ Յովհաննիսեանի անձնական կարծիքը, որ պաշտօնական դիրքորոշումը չի ներկայացներ: Սակայն, Զախարովայի համաձայն, ուսումնական հաստատութեան մը ղեկավարի պաշտօնին անոր նշանակումը ցոյց կու տայ, որ նման տեսակէտներ այժմ ընդունելի կը նկատուին Հայաստանի կառավարական շրջանակներուն մէջ:
Ան շարունակած է մեղադրել Հայաստանը՝ համաշխարհային Բ. պատերազմի պատմութիւնը «վերաշարադրելու» եւրոպական միտումին հետեւելու յանցանքով։ Զախարովա զուգահեռներ գծած է Պալթեան երկիրներուն եւ, ինչպէս ինք որակած է, «Քիեւի նոր-նացիական վարչակարգին» միջեւ՝ այս քննադատութիւնը կապելով Ուքրաինայի նախագահ Զելենսքիի՝ Մայիսին Երեւան կատարած այցելութեան հետ:
