Սկսած է շարժարուեստի «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ փառատօնը
Կարմիր գորգն ու յայտնի հիւրերը
Երեւանի մէջ Յուլիս 13-ին սկսած է շարժարուեստի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 23-րդ փառատօնը, որ մինչեւ Յուլիս 19 մէկ հարթակի վրայ պիտի համախմբէ ոլորտի ճանչցուած մասնագէտներն ու սիրահարները՝ ներկայացնելով աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մրցութային եւ արտամրցութային շարժանկարներ։
Այս տարի 90 երկիրներէ ներկայացուած շուրջ 600 դիմումներէն ընտրուած է 90 ժապաւէն։ Փառատօնին պատուոյ հիւրն է ֆրանսահայ անուանի դերասան, թատերագիր եւ բեմադիր Սիմոն Աբգարեանը։ Իսկ ամերիկահայ արտադրող Սեւ Օհանեան Երեւան ժամանած է՝ հայ հանդիսատեսին ներկայացնելու իր «Մեղսաւորները» (Sinners) շարժանկարը։

Բացման հանդիսութիւնն ու մրցանակները
Արարողութեան ընթացքին, հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան յիշեցուցած է 2004-ին ստեղծուած այս փառատօնին կենսական նշանակութիւնը Հայաստանի համար։ Ան «Վարպետ» մրցանակը յանձնած է այս տարուան միջազգային դատակազմի նախագահ, աւստրիացի ծանօթ բեմադիր Ճեսիքա Հաուզնըրին։
Երեկոյթի կարեւորագոյն դրուագներէն հանդիսացած է նաեւ ֆրանսացի ծանօթ նկարահանող բեմադիր (opérateur) Պրիւնօ Տելպոնելին «Փարաճանովեան թալեր» մրցանակի շնորհումը՝ համաշխարհային շարժանկարչութեան մէջ իր ունեցած նշանակալի աւանդին համար։
Երաժշտական բաժինով հանդէս եկած է աշխարհահռչակ շեփորահար եւ երգահան Իպրահիմ Մաալուֆ, որ յատուկ յանպատրաստից կատարումով մը ոգեկոչած է հայկական «Նամուս» ժապաւէնին 100-ամեակը։
«Be a Poem» եւ բացման շարժանկարը
Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան անդրադարձած է այս տարուան «Be a Poem» (Եղի՛ր բանաստեղծութիւն) գլխաւոր ուղերձին։ Ան ընդգծած է, որ բանաստեղծութիւնը լոկ յանգ եւ կշռոյթ չէ, այլ աշխարհը նոր տեսանկիւնէ ընկալելու լեզու. “Փառատօնը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ ոչ միայն դիտելու արուեստը, այլեւ ապրելու անոր ներսը”,– նշած է ան։
Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»-ը պաշտօնապէս բացուած է Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» վաւերագրական ժապաւէնով։ Բեմադիրը շեշտած է, թէ այս գործին համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը հայրենիքի մէջ կատարելը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի իրեն համար. “Այս շարժանկարը սիրոյ նամակ մըն է իմ հայրենիքին, մեր շարժարուեստին, մեր վէրքերուն եւ մեր կորսնցուցած հողերուն”,– ըսած է ան։
