Թուրքիա−Իսրայէլ՝ մրցակցութի՞ւն, թէ՞ գործակցութիւն
Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ պատերազմին զուգահեռ՝ կը ստեղծուի Իսրայէլ-Թուրքիա հակամարտութեան սուր ճակատ մը, որ առ այժմ կը դրսեւորուի միայն Սուրիոյ մէջ՝ Իսրայէլի կողմէ Ալ-Շարաայի կառավարութեան դէմ յարձակումներով։ Վերջինս կը վայելէ Թուրքիոյ նեցուկն ու զինակցութիւնը։ Ալ-Շարաա, Թուրքիոյ օգնութեամբ, տապալեց Պաշար ալ-Ասատի վարչակարգը։
Անցեալին բարեկամ երկիրներ ըլլալով հանդերձ՝ Հոկտեմբեր 7-ի Համասի յարձակումէն ետք Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները աւելի ու աւելի շեշտակի կերպով թշնամական դարձան, թէեւ այս ընթացքին երկուքին միջեւ առեւտուրը շարունակուեցաւ։ Ասոր մեծագոյն արտայայտութիւնն է Ազերպայճանի կողմէ քարիւղի վաճառքը Իսրայէլին, որ կը կատարուի Թուրքիոյ միջոցով։
Սակայն, իսրայէլացի քաղաքագէտները յաճախ արտայայտած են այն կարծիքը, որ Իրանէն ետք Թուրքիան պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ իրենց մեծագոյն թշնամին։ Երկու երկիրներուն միջեւ լարումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ալ միջոցներէն մէկն էր հակադարձելու Թուրքիոյ կողմէ՝ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ցեղասպանութեան ամբաստանութեան. թէեւ Իսրայէլի խորհրդարանը վերջին վայրկեանին առկախեց ճանաչման օրինագիծը՝ նոր խորհրդարանական ընտրութիւնները պատճառաբանելով։
Եթէ Իրանի եւ ԱՄՆ-Իսրայէլ զոյգի թշնամութիւնը անժխտելի է, պարագան նոյնը չէ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ։ Թուրքիան Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան (ՕԹԱՆ) լիարժէք անդամ է եւ ԱՄՆ-ի դաշնակիցը։ Թուրքիա ունի դաշինքին երկրորդ մեծագոյն բանակը եւ վերջին շրջանին ռազմարդիւնաբերութեան մարզին մէջ իր զինանոցին 70 առհարիւրի արտադրութիւնը ինք կ՚ապահովէ։ Այսուհանդերձ, ԱՄՆ-ի զօրակցութիւնը կը հակի դէպի Իսրայէլ, երբ Իսրայէլ-Թուրքիա մրցակցութեան հարց ծագի։ Իսրայէլ կրցաւ պարտադրել ԱՄՆ-ին, որ Յուլիս 7-ին Անգարայի մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին առիթով՝ նախագահ Թրամփ հրաժարի Թուրքիան վերստին F-35 ռազմական օդանաւերու արտադրութեան ծրագրին մէջ ներգրաւելէ։
Որքան որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր է, սակայն բնաւ ինքզինք չէ կաշկանդած դաշինքին ռազմավարական որոշումներով։ Ան Ռուսաստանի հանդէպ պատժամիջոցներ չէ կիրարկած, գնած է ռուսական S-400 հակահրթիռային համակարգեր եւ Ռուսաստանի դիմած է հիւլէակայան կառուցելու համար։
Այս ինքնիշխան որոշումներուն ետին, Թուրքիան ունի նաեւ իր պատճառաբանուած վերապահումները ԱՄՆ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն հանդէպ՝ յատկապէս քրտական հարցին պատճառով։ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի ընթացքին՝ ԱՄՆ-ն ու Եւրոպան զինեցին Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերը՝ զօրակցելով անոնց ինքնավարութեան եւ նոյնիսկ անկախութեան։ Թուրքիան այս հարցին շուրջ պայքարեցաւ ԱՄՆ-ի դէմ։ Ասատի անկումէն ետք, Թուրքիոյ պնդումով, Ալ-Շարաայի կառավարութիւնը զէնքի ուժով ստիպեց, որ քրտական զինեալ ջոկատները ներգրաւուին սուրիական բանակին մէջ։
ԱՄՆ-ի համար Իսրայէլն ու Թուրքիան կարեւոր յենակէտեր են՝ Միջին Արեւելքի մէջ իր ներկայութիւնը ամրապնդելու համար։ Իրանի դէմ պատերազմին կրած ձախողութիւններուն դիմաց՝ ԱՄՆ-ը կը ջանայ Թուրքիան եւ Սուրիան ներգրաւել Իրանի դէմ պատերազմին, մասնաւորապէս՝ «Հեզպոլլահ»-ի դէմ պայքարին մէջ։
Յուլիս 7-ին Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն ետք՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի վրայ յարձակումներուն վերսկսիլը (ինչ որ վիժեցուց երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած պատերազմի երկամսեայ դադրեցման յուշագրին պայմանադրութիւնը), ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ռմբակոծումը, կը յուշեն նոր զինակիցներ ներգրաւելով պատերազմը շարունակելու ԱՄՆ-ի մտադրութիւնը։ Արդեօք Թուրքիան որքանո՞վ պատրաստ է ներգրաւուելու Իրանի դէմ պատերազմին, նոյնիսկ եթէ ատոր «վարձատրութիւնը» F-35-ի արտադրութեան ծրագրին մէջ ընդգրկուիլն ըլլայ։
Ժ.Չ. ■
