Բրիտանական արքայական ընտանիքին առնչուող հայկական գեղեցիկ կապ մը
Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի մօրաքրոջ՝ հանգուցեալ Մարկարեթ իշխանուհիին թոռը՝ Սամուէլ Չաթօ, որուն նաեւ կնքահայրն է Չարլզ Գ., յայտարարած է հայ արուեստագիտուհի Էլինոր Էքսէրճեանի հետ իր նշանադրութեան մասին։
Զոյգը իր ուրախալի լուրը բաժնեկցած է «Ինսթակրամ»-ի վրայ՝ յայտնելով, որ Սամուէլ նշանադրութեան առաջարկը կատարած է իր իսկ ձեռքերով կերտած ճենապակեայ եզակի մատանիով մը։
Ստեղծագործութեան եւ մշակոյթի հանդէպ մեծ սէր տածող տաղանդաւոր Էլինոր արդէն իսկ ջերմութեամբ ընդունուած է թագաւորական շրջանակներէն ներս՝ ընտանիքին կողքին ներկայ գտնուելով շարք մը կարեւոր հանդիսութիւններու։
Յիշեցնենք, որ Սամուէլն ալ խեցեգործ արուեստագէտ է։
