Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քննարկուած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու հարցը
Եւրոպական խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած է «Հայ գերիները Ազերպայճանի մէջ եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման հրամայականը» խորագրով համաժողով մը, որուն հիւրընկալներն էին եւրոերեսփոխաններ Քոսթաս Մաւրիտէսն ու Միրիամ Լեքսմանը՝ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աջակցութեամբ։

Համաժողովին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Պաքուի մէջ պատանդ պահուող հայերու խնդիրն ու միջազգային հանրութեան ընելիքները։ Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Արցախի միջազգայնօրէն չճանչցուած ըլլալը հիմք չի տար Պաքուին՝ արդարացնելու այս քրէական հալածանքները եւ քրէականացնելու Արցախի քաղաքական գոյութիւնը։ Այս ծիրին մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, ներկայիս Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Դաւիթ Իշխանեանի որդին՝ Արմէն Իշխանեան, նշած է, որ այս շինծու դատավարութիւնները ուղղուած են բուն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, ինչ որ լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ Ազերպայճանի խաղաղութեան յանձնառութիւնը։

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Սիմոն Բաբուաշվիլի (IPHR) եւ Ժոէլ Վելտքամփ (CSI) խստօրէն քննադատած են Եւրոպական Միութեան երկակի եւ մեղմ քաղաքականութիւնը։ Անոնք կոչ ուղղած են ԵՄ-ին՝ հայ գերիներու ազատ արձակումը դարձնելու Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու յստակ նախապայման եւ անհրաժեշտութեան պարագային կիրարկելու նպատակային պատժամիջոցներ։ Ըստ անոնց՝ չպահանջելով գերիներու վերադարձը, միջազգային հանրութիւնը կ՚օրինականացնէ ուժի կիրարկումը, մինչ միայն հզօր Հայաստանը կրնայ արժէքաւոր գործընկեր ըլլալ Եւրոպայի համար։
Հայաստանի հարցերով մշտական զեկուցող Միրիամ Լեքսման իր կարգին ընդգծած է, որ ԵՄ-ը պէտք է օգտագործէ ուժանիւթի իր լծակները՝ Պաքուէն պահանջելով գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, փոխանակ մարդկային իրաւունքները ստորադասելու տնտեսական շահերուն։
Համաժողովի աւարտին, հարցում- պատասխանի բաժինով, մասնակիցները դատապարտած են Եւրոպական յանձնաժողովի անգործութիւնն ու Ազերպայճանի հանածոյ վառելանիւթերէն Եւրոպայի վտանգաւոր եւ անիմաստ կախուածութիւնը։
