Հրապարակուած է Ազերպայճանէն Հայաստան արտածման վեց ամսուան ընդհանուր ծաւալը

Ազերպայճանէն

Այս տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Ազերպայճանէն Հայաստան արտածուած է աւելի քան 17,1 միլիոն ամերիկեան տոլարի արտադրանք։

Ազերպայճանական «APA» լրասփիւռը, վկայակոչելով երկրի Պետական մաքսային կոմիտէն, յայտնած է, որ այս ցուցանիշը կը կազմէ Ազերպայճանի ընդհանուր արտածման ծաւալին 0,10 առ հարիւրը։ Ընդհանուր առմամբ, 2026-ի առաջին կիսամեակին, Ազերպայճանի արտաքին առեւտրական շրջանառութիւնը կազմած է 24 միլիառ 661 միլիոն տոլար։

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ տարեվերջին յոյս յայտնած էր, որ Ազերպայճանը եւս ապրանքներ կը ներածէ Հայաստանէն։ Ան կառավարութեան Դեկտեմբեր 25-ի նիստին յաջորդած լրագրողներու հետ կարճ զրոյցին ընթացքին նշած էր. “Կը յուսամ, որ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկկողմանի առեւտուրի երեւոյթներ կ՚ըլլան։ Հիմա Ազերպայճանէն Հայաստան ներածում կայ, կը յուսամ՝ Հայաստանէն ալ Ազերպայճան արտածում կ՚ըլլայ”։

Հակառակ վարչապետին այս յայտարարութեան՝ Հայաստանէն Ազերպայճան տակաւին ոչինչ արտածուած է։ Այս փաստը կը հաստատեն նաեւ Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի պաշտօնական տուեալները։