Հայաստանի հրեաները՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին
«Հայաստանի հրեաները կը յուսան, որ օսմանեան ցեղասպանութեան ճանաչումը Իսրայէլի կողմէ, նոր թափ պիտի հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն»
Գաղտնիք չէ, որ որեւէ երկրի մէջ հաստատուած ազգային փոքրամասնութիւնները կամ տարբեր ցեղային ծագում ունեցող համայնքները յաճախ հակուած են՝ կամ որոշ երկիրներու պարագային՝ պարզապէս պարտաւորութիւն կը զգան իրենց հիւրընկալ պետութեան հասցէին հաճելի խօսքեր շռայլելու եւ անոր շահերուն համահունչ արտայայտուելու։ Այս չգրուած օրէնքին վառ ապացոյցն էր վերջերս Ազերպայճանի մէջ ապրող հրեաներուն կոշտ կեցուածքն ու դատապարտումը՝ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախաձեռնութեան։ Այս լոյսին տակ խիստ ուշագրաւ են Հայաստանի մէջ ապրող հրէական համայնքին տրամադրութիւնները, որոնց ընդարձակօրէն անդրադարձած է իսրայէլեան ծանօթ «Times of Israel» թերթը՝ Յուլիս 11-ին լոյս ընծայած իր յօդուածով։
Ինչպէս պիտի նկատէք, յօդուածին վերեւ նշուած խորագրի բնագրին մէջ յատուկ կերպով գործածուած է «օսմանեան ցեղասպանութիւն» եզրը։ Ասիկա Իսրայէլի կողմէ կիրարկուող յաջորդական քաղաքական «խորամանկութիւն» մըն է. ճանաչումը օգտագործել իբրեւ ճնշման միջոց կամ զէնք՝ Թուրքիոյ դէմ, միաժամանակ փորձելով խուսափիլ ուղղակի պատասխանատւութենէն՝ մեղքը բարդելով բացառապէս պատմական Օսմանեան կայսրութեան վրայ, եւ ոչ թէ այսօրուան Թուրքիոյ։ Այս ձեւով, Իսրայէլ կը փորձէ իր քաղաքական օրակարգը սպասարկել՝ առանց Թուրքիոյ հետ կամուրջները վերջնապէս այրելու։
***
Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մօտակայքը՝ բալենիի մը շուքին տակ, խումբ մը ռուսախօս հրեաներ ու Եգիպտոսէն եւ Լիբանանէն արաբ հիւրեր հաւաքուած են՝ դիմաւորելու «Շապաթ»-ը։ Սեղանը լեցուն է արեւելեան համադամներով՝ հումուս, ֆալաֆէլ եւ փիթա հաց, իսկ 29-ամեայ Սամսոն Կարապետեան (որուն հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ հրեայ) գինիի օրհնութեան եբրայերէն աղօթքը կը կարդայ։ Շուտով բոլորը, ներառեալ արաբ հիւրերը, կը միանան հրէական աւանդական երգերու կատարումներուն։

Այս դրուագը Հայաստանի մէջ վերածնող հրէական կեանքի ցայտուն օրինակներէն է։ Ուքրաինայի պատերազմէն ետք, շուրջ 2000 հրեաներ հաստատուած են Հայաստան՝ նոր շունչ եւ կենսունակութիւն հաղորդելով երկրի փոքրաթիւ ու տարեց հրէական համայնքին։
Հրէական կեանքի այս աշխուժացումը, սակայն, տեղի կ՚ունենայ հայ-իսրայէլեան խիստ պաղ յարաբերութիւններու ենթախորքին վրայ։ Այս պաղութեան հիմնական պատճառներն են Իսրայէլի՝ զէնք տրամադրելը Ազերպայճանին ու Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալը։ Սակայն սառոյցը կարծէք կը հալի. Յունիս 29-ին Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունեց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ այժմ կը սպասէ երկրի խորհրդարանի՝ Քնեսէթի վաւերացման։
“Հոս հաստատուած հրէական համայնքը ուրախ է, որ Իսրայէլը վերջապէս ճանչցաւ այս ցեղասպանութիւնը”,– կ՚ըսէ Երեւանի հրէական համայնքային ցանցի հիմնադիր Նաթանիէլ Թրուպքին։ “Ինքզինք յարգող իւրաքանչիւր հրեայ գիտէ, թէ ինչ պատահած է հայերուն, թէեւ բնականաբար շատ հայեր կը հարցնեն՝ «ինչո՞ւ միայն հիմա»։ Ասիկա քաղաքականութիւն է”։
Սամսոն Կարապետեան կ՚աւելցնէ. “Բոլորն ալ կը հասկնան, որ մեր երկու ազգերը ունին նմանատիպ ժառանգութիւն եւ նմանատիպ ճակատագիր։ Անկարելի է խօսիլ Հոլոքոսթի մասին ու չխօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Եթէ կ՚ուսումնասիրենք մէկը, պէտք է ուսումնասիրենք նաեւ միւսը”։
Երեւանի արձագանգն ու համայնքային զգացումները
Հակառակ հրէական համայնքի ոգեւորութեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգը պաղ էր։ Ենթադրելով, որ Իսրայէլի քայլը զուտ աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ ունի, ան լրագրողներուն ըսած է. “Կը կարծենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան որպէս զէնք կիրարկման խնդրին մէջ մտնելը չի բխիր Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն։ Հետեւաբար, արձագանգելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ”։
Իսրայէլաբնակ հայ-հրէական համայնքային աշխուժ գործիչ Մարինա Քոզլիներ նոյնպէս կը նշէ, որ զգացումները խառն են. “Մէկ կողմէն կայ իսկական ուրախութիւն. մեր համայնքը ամբողջ տասնամեակներ սպասած է ասոր։ Միւս կողմէն, շատեր կը զգան, որ անիկա սխալ քաղաքական պահու մը եկաւ։ Այդ իսկ պատճառով՝ այն, ինչ որ պէտք է բարոյական որոշում ըլլար, դարձաւ քաղաքական գործիք, եւ ասիկա խլեց ուրախութեան մէկ մասը”։
Հակառակ այս բոլորին, մասնագէտները դրական տեղաշարժեր կը նշմարեն։ Քաղաքական վերլուծաբան Էրիք Յակոբեան կը կանխատեսէ, որ յառաջիկայ 10-15 տարիներուն հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտի ծաղկումը, քանի որ «անկարելի է այս տարածաշրջանին մէջ այդ մարզով զբաղիլ՝ առանց Իսրայէլի հետ կապեր ունենալու»։
Իսկ մինչ այդ, վերածնող հրէական կեանքը Հայաստանի մէջ լաւատեսութեամբ կը սպասէ Քնեսէթի վերջնական վճիռին։ Ինչպէս կը զգուշացնէ նախկին երեսփոխան Ալեքսանտր Ցինքեր. “Եթէ խորհրդարանը չընդունի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պաշտօնական բանաձեւը, այդ մէկը պիտի ըլլայ, մեղմ խօսքով՝ անընդունելի”։
