Քոնսթանթին Սոքոլով պիտի գլխաւորէ ամերիկեան «TRIPP+» առեւտրային հիմնադրամը
Շիքակոյի մէջ գործող մասնաւոր ներդրող, Ռուսաստան ծնած Քոնսթանթին Սոքոլով պիտի նշանակուի ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան նոր ստեղծած «TRIPP+» ձեռնարկատիրական հիմնադրամի ղեկավար։ Բրիտանական «The Guardian»-ին համաձայն՝ Նախարարութիւնը արդէն հաստատած է այս նշանակումը։ Հիմնադրամը պիտի տնօրինէ 201 միլիոն տոլարի սկզբնական պիւտճէ մը (որ ըստ ներքին աղբիւրներու կրնայ հասնիլ մինչեւ 400 միլիոնի)՝ նպատակ ունենալով վարկեր եւ դրամաշնորհներ տրամադրել Հայաստանի, Ազերպայճանի, Վրաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ փոխադրական, ուժանիւթային ենթակառոյցներու ու հանքային ոլորտներու ռազմավարական զարգացման համար։ Անցեալ Փետրուարին Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս այս ծրագիրը որակած էր «պատմական վերափոխում», որ առեւտուրի եւ ուժանիւթի հոսքերու նոր դռներ պիտի բանայ տարածաշրջանին մէջ։
Սոքոլով, որ երբեք չէ վարած որեւէ պետական պաշտօն, նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տան պարահանդէսային դահլիճի նորոգման ծրագրի 36 մեծ նուիրատուներէն մէկն է։ Հայաստանի մէջ ան առաւելաբար ծանօթ է որպէս հեռահաղորդակցութեան հսկայ ընկերութեան՝ «Վիվա Արմենիա»-ի համասեփականատէր, ինչպէս նաեւ Թեղուտի պղնձամոլիբդենային հանքավայրի հաւանական գնորդ։ Ան միաժամանակ կը գլխաւորէ միջազգային ներդրումային ու կանաչ ուժանիւթի քանի մը մեծ ընկերութիւններ (ինչպէս՝ Northern Pillar Energy-ն եւ Gotthard Investment-ը)։
Թէեւ «The Guardian»-ը կը նշէ, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպէս Սոքոլով կամ ԱՄՆ-ն շահ պիտի ստանան այս հիմնադրամէն, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը վստահեցուցած է, որ կառոյցը խստօրէն պիտի հետեւի ամերիկեան օրէնսդրութեան՝ տարեկան հաշուետւութիւններու, անկախ ստուգումներու եւ շահերու բախման կանոններուն։ Հիմնադրամը կը ստեղծուի 1989-էն ի վեր գործող յետխորհրդային ձեռնարկատիրական օրէնսդրութեան հովանիին ներքոյ, որուն շրջանակէն ներս ԱՄՆ-ն նախապէս 13 նմանատիպ հիմնադրամներ հաստատած էր Արեւելեան Եվրոպայի մէջ։
