Նոր որմնանկարի յայտնաբերում՝ Էրեբունիի հնադարեան հնավայրին մէջ

Էրեբունի

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած է, որ աննախադէպ յայտնաբերում մը կատարուած է Էրեբունիի հնադարեան հնավայրին մէջ։ Հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբը երեւան հանած է որմնանկարի բացառիկ բեկոր մը, որուն գոյները գրեթէ անխաթար պահպանուած են։ Անիկա հաւանաբար կը պատկանի Ք.Ա. Է. (7-րդ) դարու երկրորդ կիսուն կամ Զ. (6-րդ) դարու սկիզբին։

Ասիկա գիտական համագործակցութեան օրինակելի դրսեւորում մըն է, որ կը շարունակէ տալ իր պտուղները։