Իրան առաջարկած է աւելցնել Հայաստան արտածուող կազի ծաւալները
Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, Իրան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցած է Իրանի քարիւղի նախարար Մոհսէն Փաքնեժատի հետ. կը հաղորդէ «Mehr» լրատուական գործակալութիւնը։
Իրանցի նախարարը, բարձր գնահատելով դժուարին պահերուն Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնը, վերահաստատած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ խորացնելու համագործակցութիւնը հիւսիս-արեւմտեան դրացիին հետ։
Ան նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ուժանիւթային գործընկերութիւնը հիմնուած է «կազ՝ ելեկտականութեան դիմաց» սկզբունքին վրայ։ Փաքնեժատ յայտնած է, որ Իրան առաջարկած է առեւտրային նոր ձեւաչափ մը, որ կը միտի բնական կազի արտածման ընդլայնման։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Tasnim»-ը, նախարարը աւելցուցած է, թէ այս առաջարկի գործադրութեան համար անհրաժեշտ է համակողմանիօրէն արժեւորել առկայ ենթակառույցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը իբրեւ տարածաշրջանային տարանցիկ միջանցք օգտագործելով՝ քննել հայկական շուկայէն դուրս կազի առեւտուրի ընդլայնման նպատակայարմարութիւնը։
Երեւանն ու Թեհրանը կը քննարկեն Արաքսի վրայ երկրորդ կամուրջի մը կառուցումը
Նախարար Խուդաթեան Իրան կատարած այցի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ֆարզանէ Սատեղի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Արաքս գետին վրայ երկրորդ կամուրջի մը կառուցման հարցը։

Կողմերը համաձայնած են քայլերու ձեռնարկել՝ երկու երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրումներու ծաւալը աւելցնելու ուղղութեամբ՝ շեշտելով, որ նոր կամուրջը պիտի բարձրացնէ փոխադրական ծաւալն ու նպաստէ տնտեսական գործակցութեան զարգացման։ Նախարար Խուդաթեան գոհունակութեամբ արձանագրած է նաեւ Քաջարան-Ագարակ ճամբահատուածի շինարարութեան յառաջընթացը։ ■
