«Հայկական արմատներ»-ով աշխարհահռչակ հերոսներու վերադարձը 

Ալվին

Ռոս Պաղտասարեանի ստեղծած «Ալվինն ու սկիւռիկները» 2028-ին կրկին պիտի նուաճեն մեծ պաստառը

Մեր նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Ռոս Պաղտասարեանին՝ որպէս հոլիվուտեան ժապաւէնի մը մէջ առաջին անգամ հայերէնը հնչեցնող դերասանը։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ տաղանդաշատ հայուն ստեղծած աշխարհահռչակ «Ալվինն ու Սկիւռիկները» (Alvin and The Chipmunks) հերոսները 2028 թուականին պիտի վերադառնան մեծ պաստառ՝ նշելու համար այս հանրածանօթ արտադրութեան 70-ամեակը։

Ըստ «The Wall Street Journal» եւ «The Hollywood Reporter» պարբերականներուն, «Paramount Pictures»-ի նախկին համանախագահ Պրայըն Ռոպինսի կողմէ 2026 Յունուարին հիմնադրուած «Big Shot Pictures» ընկերութիւնը քսանհինգ առհարիւրի բաժնեմաս ձեռք բերած է այս ծրագրէն՝ միացեալ ձեռնարկութիւն մը ստեղծելով «Bagdasarian Productions»-ի հետ։

Մնացեալ եօթանասունհինգ առհարիւր բաժնեմասը պիտի շարունակէ մնալ Ռոս Պաղտասարեան Կրտսերի եւ անոր կնոջ՝ Ճենիս Քարմանի տնօրինութեան տակ, որոնք 1970-ական թուականներու աւարտէն ի վեր կը ղեկավարեն ու կը պահպանեն այս սիրուած ընտանեկան ժառանգութիւնը։ Շարքին վերադարձը այս տարի նախ պիտի սկսի թուային հարթակներու վրայ, իսկ շարժանկարի սրահներուն մէջ մեծ ցուցադրութիւնը ծրագրուած է 2028-ի աւարտին։