Արենիի հանրածանօթ քարայրը արձանագրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նախնական ցանկին մէջ
Հայաստանի ներկայացուցած «Արենի 1 քարայր. նախնադարեան կեանքը եւ գինեգործութիւնը Արփա գետի հովիտին մէջ» խորագրով դիմումը հաստատուած է՝ պաշտօնապէս արձանագրուելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Այս օրերուն՝ Յուլիս 19-էն 29, Գորէայի Հանրապետութեան Փուսան քաղաքին մէջ ընթացաւ Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 48-րդ նստաշրջանը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանը՝ իբրեւ կոմիտէի անդամ առաջին անգամ ընտրուած երկիր։ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին Նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեանն ու ազգային հինգ փորձագէտներ, իսկ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ԻՒՆէՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեանը։
Նշենք, որ «Արենի 1»-ը, որ ծանօթ է նաեւ «Թռչուններու քարանձաւ» անուանումով, կը գտնուի Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ՝ Արփա գետի ափին։ Յիշեցնենք, որ 2010-ին ճիշդ այստեղ յայտնաբերուեցաւ աշխարհի ամէնէն հին կօշիկը, իսկ 2011 Յունուարին՝ աշխարհի առաջին գինեգործատունը։
Այսպէսով, Հայաստան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նախնական ցանկին մէջ այժմ ունի արձանագրուած ութ դիմում, որոնցմէ չորսը գրանցուած են 1995-ին, իսկ միւս չորսը՝ վերջին տարիներուն։ Մինչ այս՝ 2024-ին, ցանկին մէջ ընդգրկուած էին Արագածոտնի մարզի Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերն ու մշակութային բնապատկերը, իսկ 2025 Յուլիսին հաւանութեան արժանացած էին «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ «Գառնիի հնագիտական համալիրն ու Քարերու սիմֆոնիա» դիմումները։ 1995-ին նախնական ցանկին մէջ արդէն գրանցուած էին Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարն ու հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերի հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները։
Ինչ կը վերաբերի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական հաստատուած ցանկին, այնտեղ Հայաստանէն արդէն իսկ գրանցուած են Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիներն ու Զուարթնոց հնավայրը, ինչպէս նաեւ Գեղարդի վանքն ու Ազատ գետի վերի հովիտը։
