Աւելի քան դար մը ետք Կոմիտասի ձայնը վերստին պիտի հնչէ

Սիպիլ-2

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ երաժշտութեան ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Կոմիտաս վարդապետին ձայնը, իր առաջին ձայնագրութենէն աւելի քան դար մը ետք, վերստին պիտի հասնի ունկնդիրներուն։ Ասիկա պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի վեց տարուան երազանքին իրականացումն է։ «Արօրն ու տատրակը» ստեղծագործութեան նուիրուած այս եզակի ծրագիրը կը միաւորէ Կոմիտասի պատմական ձայնագրութիւնն ու ժամանակակից երաժշտական մեկնաբանութիւնը։

Աշխատանքին հիմնական նպատակն է ո՛չ միայն պահպանել ու լայն հասարակութեան ծանօթացնել Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը, այլեւ նոր սերունդներուն հասանելի դարձնել անոր հարազատ ձայնը։ Պատմական ձայնագրութիւնը հմտօրէն համադրելով ժամանակակից երաժշտական մօտեցումներու հետ՝ ստեղծողները կրցած են իւրայատուկ կապ մը հաստատել անցեալին ու ներկային միջեւ։

Ստեղծագործութեան երաժշտական գործիքաւորումը կատարած է Վահան Նահապետեան, իսկ հնչիւնային համադրումն (mixage) ու վերջնական մշակումը իրականացուցած է Հմայակ Ռոստոմեան։ Բլուլի բաժինը նուագած է Յասմիկ Մուրատեան-Յարութիւնեան, իսկ տեսահոլովակի բեմադիրն է Արտիոմ Աբովեան։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Հերման Հինթիրեանի եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ/AGBU) աջակցութեամբ։

ՍԻՊԻԼ ՓԵՔԹՈՐՈՍՕՂԼՈՒ

***

Աւելցնենք, որ այս բացառիկ տեսահոլովակին պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Յուլիս 22-ին, Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ՝ միութեան հիմնադրութեան 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս։ Միջոցառումին ընթացքին պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ (Փեքթորոսօղլու) խոստովանեցաւ, որ Կոմիտասի հետ միասին երգելու այս ծրագիրը վեց տարուան անսահման երազանք մըն էր, զոր իրագործելու համար ան նոյնիսկ այցելած է Վարդապետին ծննդավայրը՝ Քէօթահիա, իսկ նկարահանումները ժամանակաւորապէս ընդհատուած էին իր՝ երգչուհիին մօր մահուան տխուր պատճառով: Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուող մշակութային եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեան, Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Անտրէ Սիմոնեան, բարձր գնահատեցին երգչուհիին յանձնառութիւնը՝ այս աշխատանքը որակելով Կոմիտասի անմահ ժառանգութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցող եւ անցեալն ու ներկան կամրջող հզօր մշակութային պատգամ։

Youtube-ի վրայ՝ տեսահոլովակին կապն է՝
https://www.youtube.com/watch?v=SqC8ZAYW_eM&list=RDSqC8ZAYW_eM&start_radio=1