ԵՐԵՒԱՆ — Հարցազրոյց՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ

PHOTO-2026-07-28-19-17-05 copie

Ռազմիկ Փանոսեան՝ Մատենադարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայագիտութեան 3-րդ գիտաժողով»-ին

13 տա­րիէ ի վեր Ռազմիկ Փա­նոսեան կը տնօ­րինէ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկութեան Հայ­կա­կան բա­ժան­մունքը։ Շու­տով եր­րորդ հնգա­մեայ ծրա­գիրին սկիզբը պի­տի տրուի։ Բա­ւական ընդգրկուն ծրագ­րեր են։ Փա­նոսեանի նշա­նակու­մով Հիմ­նարկը ան­կիւնա­դարձ մը կա­տարեց, ուր արեւմտա­հայե­րէնը յա­տուկ շեշտ ստացաւ։

«Նոր Յա­ռաջ» – Երե­ւան կը գտնուիք մասնակցելու յատ­կա­պէս Մաշ­տո­ցեան Մա­տենա­դարա­նի կազ­մա­կեր­պած «3-րդ Հայագիտական մի­ջազ­գա­յին համագումար»-ին՝ նուիրուած Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի ծննդեան 350-ամեակին։ Առիթ էր նաեւ Մա­տենա­դարա­նի հետ պայ­մա­նագիր մը ստո­րագ­րե­լու։ Բազ­մա­թիւ ռազ­մա­վարա­կան ծրագ­րե­րու անդրա­դարձ կա­տարուեցաւ այդ գի­տաժո­ղովի ըն­թացքին։ 

Նախ պի­տի ու­զէի Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկութեան մէջ ձեր ծրագ­րած նոր ռազ­մա­վարու­թեան անդրա­դառ­նալ, ձեր ակա­դեմա­կան աշ­խա­տան­քին լոյ­սին տակ, որուն գլխա­ւոր նիւ­թը եղած է հա­յու­թեան ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը, դա­րերու ըն­թացքին։ Այ­սօր նկա­տի առ­նե­լով 2020-ի պա­տերազ­մը եւ ան­կէ բխած բո­լոր բար­դութիւննե­րը, յատ­կա­պէս Սփիւռք-Հա­յաս­տան բե­կու­մը, ինչպէ՞ս կը տես­նէք հա­յու­թեան ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը։

Ռազ­միկ Փա­նոսեան – Նախ ըսեմ, ռազ­մա­վարու­թեան տե­սան­կիւնէն, այո՛ շուրջ 13 տա­րի առաջ, երբ ռազ­մա­վարու­թիւնը մշա­կեցինք, արեւմտա­հայե­րէնի վրայ շեշ­տը դրինք եւ յա­ջորդ եր­կու հնգա­մեայ ծրագ­րե­րը կը շա­րու­նա­կենք նոյն ռազ­մա­վարու­թեամբ: 2027-ին պի­տի սկսինք մեր յա­ջորդ հնգա­մեայ ռազ­մա­վարու­թիւնը մշա­կել. միշտ կը մշա­կուին ռազ­մա­վարու­թիւններ Հիմ­նարկու­թե­նէն ներս։ Գալ տա­րի ընդհա­նուր Հիմ­նարկու­թիւնը պի­տի ու­նե­նայ նոր նա­խագահ մը, ընդհա­նուր նոր ռազ­մա­վարու­թիւն մշա­կելու ըն­թացք մը կայ հաստատութենէն ներս: Լաւ առիթ մըն է վե­րամ­տա­ծելու, թէ ին­չի՞ վրայ շեշ­տը պի­տի դնենք: Արեւմտա­հայե­րէնը կը մնայ, որով­հե­տեւ ատի­կա մեր կա­րեւոր կո­րիզն է կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ ծրագ­րե­րով:

Հա­յաս­տան եկած եմ մեր ռազ­մա­վարա­կան միւս գի­ծին հա­մար, որ աւե­լի Հա­յաս­տա­նի վրայ կեդ­րո­նացած է։ Մա­տենա­դարա­նին հետ պայ­մա­նագիր մը ստո­րագ­րե­ցի, որ իրենց առ­ցանց քա­թալո­կը,– ուր կը նկա­րագ­րուին Մա­տենա­դարա­նի (եւ ապա­գային այլ աշ­խարհաս­փիւռ ձե­ռագ­րաց կեդ­րոննե­րու) ձե­ռագ­րե­րը,– ձե­ռագ­րե­րու գո­յու­թիւնն ու նկա­րագ­րութիւ­նը մատ­չե­լի ըլ­լան բո­լորին: Այս գի­տաժո­ղովը շեշ­տը դրած էր սփիւռքի հո­գեւոր կեդ­րոննե­րուն վրայ, ուրկէ ներ­կա­յացու­ցիչներ կա­յին, որով­հե­տեւ մեր ար­տա­սահ­մա­նի հո­գեւոր կեդ­րոններն են նաեւ որ ձե­ռագ­րե­րու մա­տենա­դարան­նե­րու տէր են՝ Երու­սա­ղէմ, Պո­լիս, Վե­նետիկ, Վիեն­նա եւ Զմմառ:

Ինչ կը վե­րաբե­րի հար­ցումին վեր­ջին մա­սին, ռազ­մա­վարու­թեան ուրկէ՞ գա­լը եւ կա­պը՝ իմ ակա­դեմա­կան աշ­խա­տան­քիս՝ գի­տական հե­տազօ­տու­թիւններս հա­յոց ինքնու­թեան կեր­տումին վրայ էին. երբ անոնց վրայ կ՚աշ­խա­տէի, շատ յստակ դարձաւ, որ մեր ար­դի՝ 17,18,19,20-րդ դա­րու ինքնու­թեան կեր­տումը ընդհան­րա­պէս Սփիւռքէն եկած է, մին­չեւ Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի հիմ­նուիլը: Սփիւռքեան կեդ­րոննե­րը մեր ար­դի ինքնու­թիւնը կեր­տած են իրենց մտա­ւորա­կան աշ­խա­տանքնե­րով, ան­շուշտ Մխի­թարեան Միաբա­նու­թիւնը առաջ­նա­հերթ դեր խա­ղալով, բայց մնա­ցեալ­նե­րը եւս, նոյ­նիսկ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ մեր հիմ­նա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը Հայաստանէն դուրս, ար­տա­սահ­մանի մէջ հիմ­նուած են: Ու­րեմն երբ այս գի­տակ­ցութիւ­նը ու­նիս, որ քու ար­դի ինքնու­թիւնդ կեր­տուած է սփիւռքեան կեդ­րոննե­րու կողմէ եւ երբ դիր­քի մը վրայ ես որ պի­տի ծրագ­րա­ւորես՝ ինչպէ՞ս այդ ինքնու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կուի, շատ տրա­մաբա­նական է, որ նա՛եւ  շեշ­տը դնես Սփիւռքի վրայ: Ատոր հա­մար մեր մօ­տեցու­մը շատ ան­գամ սփիւռքա­կեդ­րոն է: Հոս ու­րիշ հարց մը կայ, հայ մնա­լու հար­ցը Սփիւռքի մէջ, ուր լե­զուն կա­րեւոր դեր պի­տի խա­ղայ: Ու­րեմն ինչպի­սի՞ ծրագ­րեր պի­տի մշա­կես, որ­պէսզի Սփիւռքը ինքն իր վրայ կեդ­րո­նանա­լով շա­րու­նա­կէ իր ինքնու­թիւնը: 

Ինչ կը վե­րաբե­րի հար­ցումին քա­ղաքա­կան մեկ­նա­բանու­թիւննե­րուն, հոս շատ մեծ բան փո­խուե­ցաւ նա­խորդ հինգ տա­րուան ըն­թացքին, այ­սինքն Ար­ցա­խի պար­տութե­նէն ետք, բայց որ­պէս նա­խաբան ըսեմ որ Սփիւռքը ինքն իր մա­սին մտա­ծելու, ինքն իր ինքնու­թիւնը կեր­տե­լու սո­վորու­թիւնը ու­նէր եւ սփիւռքա­կեդ­րոն էր եւ գի­տենք օրի­նակ Յա­րու­թիւն Քիւրքճեանին, Գրի­գոր Պըլ­տեանին, Մարկ Նշա­նեանին եւ Վա­հէ Օշա­կանին պէս մտա­ւորա­կան­ներ կը մտա­ծէին թէ ի՞նչ կը նշա­նակէ սփիւռքցի ըլ­լալ: Մենք այդ մտա­ծելու կա­րողու­թիւնը կամ ըն­թացքը 1988-ին շատ յստակ պատ­ճառնե­րով տե­ղափո­խեցինք Երե­ւան, տե­ղափո­խեցինք ոչ միայն ֆի­զիքա­պէս, այլ հա­յեաց­քով: Ամէն ինչ պատահեցաւ՝ Ար­ցախի այդ ժա­մանա­կուան պա­տերազ­մը, Հա­յաս­տա­նի բա­րելա­ւու­մը, վերակեր­տումը երկրա­շար­ժէն ետք… եւ Սփիւռքը դադ­րե­ցաւ ինքն իր մա­սին մտա­ծելէ, մտա­ւորա­կան կեդ­րոն ըլ­լա­լէ: 5-6-7 տա­րի առաջ սկսայ մտա­ծել, թէ ատի­կա պէտք է ետ գայ, պէտք է շեշ­տը դնենք Սփիւ­քի ինքն իր մա­սին մտա­ծելուն վրայ: Ետ­քը հա­սաւ Արցախեան պա­տերազմն ու շատ ծանր պար­տութիւ­նը, որ ցնցեց, անակնկա­լի բե­րաւ Սփիւռքը, որ նաեւ սկսաւ մտա­ծել, թէ ամ­բողջ գրա­ւը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ դնե­լը թե­րեւս այդքան ալ լաւ գա­ղափար մը չէր կամ այդպէս պէտք չէ ըլ­լար, նոյ­նիսկ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը այն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, որ գրե­թէ բո­լորո­վին հա­յաս­տա­նակեդ­րոն եղած են, սկսան ըսել՝ «չէ՛, նաեւ քիչ մըն ալ մենք մեր մա­սին մտա­ծենք, մեր կեն­սունա­կու­թեան մա­սին մտա­ծենք»: Այդ փոփոխութիւնը եղաւ: Հի­մա Սփիւռքի մէջ դարձեալ մտա­ւորա­կան պզտիկ շար­ժում մը կայ երի­տասարդնե­րուն մէջ մա­նաւանդ, որ «մենք մեր ինքնու­թեան մա­սին պէտք է մտա­ծենք, մեր շա­րու­նա­կու­թեան մա­սին պէտք է մտա­ծենք եւ մեր մշա­կոյ­թը կեր­տենք»: Այդ հե­տաքրքրա­կան ժա­մանա­կամի­ջոցին կը գտնուինք եւ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թիւնը ինչպէս յայ­տա­րարած ենք եւ ինչպէս դուն ալ հի­մա անդրադարձ կատարեցիր՝ իմ ակա­դեմա­կան հե­տազօ­տու­թիւննե­րուս վեր­լուծու­թիւննե­րը կը թելադրեն, որ մենք շարունակենք Սփիւռքի վրայ գրա­ւ դնե­լու մեր գի­ծը, որով­հե­տեւ աս­կէ առաջ ըսած եմ տես­լա­կանս 500 տա­րի վերջ քեզի նման, ինծի նման մար­դիկ նստին եւ այս նիւ­թե­րուն մա­սին խօ­սին եւ գո­նէ մէկ մա­սը արեւմտա­հայե­րէնով ըլ­լայ:

«ՆՅ» – Ըսած­նե­րուդ մէջ հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ մը կայ. Սփիւռքը՝ ինքն իր մա­սին մտա­ծող կեդ­րո­ն մը … բայց, խոր­քին մէջ կեդ­րոն չկայ, մտա­ւորա­կան­ներ կան, որոնք մտա­ծած են, բայց հաս­տա­տու­թե­նական ձե­ւով,– յատ­կա­պէս Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան ժա­մանակ,– չեն եղած կա­ռոյցներ, որոնք իս­կա­պէս մտա­ծած են Սփիւռքը։ Մտա­ւորա­կան­ներ եղած են յատ­կա­պէս 60-70-ական­նե­րէն սկսեալ։ Իսկ ան­կա­խու­թե­նէն ետք,այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րը որոնք վեր­ջա­պէս Սփիւռքի մէջ գոր­ծած են իբր սփիւռքեան կա­ռոյցներ՝ կու­սակցա­կան, բա­րեսի­րական եւ այլն, անոնք իրենց հա­յեաց­քը ամ­բողջո­վին շե­ղած են դէ­պի Հա­յաս­տան, ուր նաեւ հաս­տա­տած են իրենց մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, կա­ռոյցնե­րը…։ Այ­սօր կար­ծէք յե­ղաշրջու­մի մը կա­րիքը կայ, որ հաս­տա­տու­թիւններ հիմ­նուին եւ մտա­ծեն՝ ըլ­լալ հաս­տա­տու­թե­նական եւ չմնալ միայն մտա­ւորա­կան մա­կար­դա­կի։ Սփիւռքը չմնայ մի քա­նի մտա­ւորա­կան­նե­րու հա­յեցո­ղու­թեան, դա­տողու­թեան կամ ու­սումնա­սիրու­թեան առարկայ։ Ինչպէ՞ս պի­տի ըլ­լայ այդ ան­ցումը։

Ռ. Փ. – Նախ լրիւ հա­մաձայն չեմ ըսա­ծիդ, հաս­տա­տու­թիւններ եղած են՝ Հա­մազ­գա­յինը, Բա­րեգոր­ծա­կանը, եկե­ղեցի­ները…, ասոնք հաս­տա­տու­թիւններ են, որ Սփիւռքը կեր­տե­լու մէջ կա­րեւոր դեր խաղացած են 20-ական թուական­նե­րուն. երբ նա­յինք մեր սփիւռքեան գա­ղութնե­րը, հաս­տա­տու­թիւն­­նե­րը ստեղ­ծե­ցին մտա­ւորա­կան­նե­րը: Այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րուն դե­րը հե­տագա­յին ինչպէ՛ս փո­խուե­ցաւ, ու­րիշ նիւթ է, բայց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կան:

«ՆՅ» – Պզտիկ փա­կագիծ մը բա­նամ, այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րուն մե­ծամասնութիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նէր նախ­քան Սփիւռքի գո­յառու­մը, հի­նէն եկած հաս­տա­տու­թիւններ են, անոնք պէտք է ժո­ղովուրդին հա­մար հա­մայնք ստեղ­ծէին, մի­ջավայր ստեղ­ծէին, որ գո­յատե­ւէր, բայց որ­պէս Սփիւռքը մտա­ծելու երե­ւոյթ յղացք, տե­սու­թիւն չու­նէին, իրենց ինքնու­թիւնը կը տես­նէին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ան­ջա­տու­մը տես­նել, տար­բե­րու­թիւնը տես­նել, զգալ, տե­սական գետ­նի վրայ 60-ական թուական­նե­րէն ետք է որ այդ ըմ­բոստա­ցումնե­րը մէջ­տեղ եկած են։ Իրենց մտայ­ղացման մէջ միշտ Հա­յաս­տա­նը կար, Հա­յաս­տա­նի կեր­տումը կար։

Ռ. Փ. – 1988-էն ետք՝ այո՛, ան­կէ առաջ Հա­յաս­տա­նի կեր­տումը այո՛ որոշ շրջա­նակի մը մէջ կար, բայց Սփիւռքի կեր­տումն ալ կար, Սփիւռքը որ­պէս հա­մայնք, ինքնու­թիւն, լե­զու այդ շատ յստակ ծրա­գիրն ալ կար։ Կրնանք խօ­սիլ եր­կար այդ նիւ­թին մա­սին, բայց աւե­լի կեդ­րո­նանանք հար­ցումիդ երկրորդ մա­սին վրայ, որ աւե­լի ար­դի ժա­մանա­կամի­ջոցին կը վերաբերի: Ամէն կազ­մա­կեր­պութիւն որոշ ժա­մանա­կէ մը ետք կը սկսի աւե­լի պահ­պա­նողա­կան դառնալ, այդ մէ­կը պա­տահե­ցաւ Սփիւռքի մէջ եւ տար­բեր մտա­ւորա­կան եւ քա­ղաքա­կան շար­ժումներ ի յայտ եկան: Կար­ծեմ թէ մեր ներ­կայ Սփիւռքի մար­տահրա­ւէրը եր­կու ուղղութեամբ է, մէ­կը ինչպէ՞ս այս կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն մէջ փո­փոխու­թիւն պէտք է ըլ­լայ, որ այդ պահ­պա­նողա­կանու­թե­նէն դուրս ել­լեն եւ մտա­ծեն աւե­լի ապա­գայի, նո­րարա­րու­թեան, նոր մշա­կոյթ կեր­տե­լու մա­սին, երի­տասարդնե­րը ներգրա­ւելու մա­սին: Երկրորդ ուղղութիւնը նոր կազ­մա­կեր­պութիւններու ի յայտ գալն է, ոչ ան­պայման հաս­տա­տու­թեան հո­գեբա­նու­թեամբ, բայց այն մօ­տեցու­մով որ մենք կ՚ու­զենք քով-քո­վի գա­լով ծրա­գիր մը իրա­կանաց­նել: Յա­ջորդ մար­տահրա­ւէրը այն է, որ այս գոր­ծընթաց­նե­րը ինչպէ՞ս կրնան աւե­լի կա­յուն ըլ­լալ, ինչպէս կրնան աւե­լի եր­կա­րաժամ­կէտ ըլ­լալ: Հո՛ն ալ աշ­խա­տանք կայ տա­նելիք: Օրի­նակ՝ Կիւլպէն­կեանը այս եր­կու հո­սանքնե­րուն մէջ ալ աշ­խուժ է, թէ՛ կը գոր­ծակցինք հա­մայնքի հաս­տա­տուն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն հետ, թէ՛ ալ՝ այն երի­տասարդ ու­ժե­րուն հետ, որ կ՚ու­զեն բան մը իրա­կանաց­նել: Օրի­նակ մեր «Եր­դիք» ծրա­գիրը կը բաղկանայ խումբ մը երի­տասարդներէ, որ քով-քո­վի եկած են ու ծրա­գիր մը կ՚իրա­կանաց­նեն: Նոր պի­տի սկսի «Զառ­ցանց» ծրա­գիրը որուն ետե­ւը «Հա­զար ու մէկ աշ­խարհ» կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կայ: 

Մատնանշեցիր իրա­կանու­թիւն մը, որուն վրայ պէտք է կեդ­րո­նանանք եւ մտա­ծենք այդ մա­սին ոչ միայն մենք, այլ աւե­լի հա­մայնքա­յին մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը եւս: Վերջ ի վեր­ջոյ ամէն ինչ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւն չէ, մարդկա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կա­րեւոր են եւ անոնց վրայ եւս պէտք է կեդ­րո­նանանք:

«ՆՅ» – Իսկ ան­ցո՞ւմը կրօ­նական հաս­տա­տու­թիւննե­րէն դէ­պի աշ­խարհիկ կամ նոր հա­յեցո­ղու­թեամբ կա­ռոյցներ… Վեր­ջա­պէս գի­տենք որ Սփիւռքի մէջ հիմ­նա­կան հա­մայնքա­յին կա­ռու­ցումը ստեղ­ծուած է սկիզ­բէն կրօ­նական հիմ­քով։ Որ­քա­նո՞վ կրօնական հաստատութիւնները տա­կաւին դեր ու­նին եւ կրնան թար­մացնել։

Ռ. Փ. – Ատոր՝ մէկ ու միակ պա­տաս­խան մը չու­նիմ, որով­հե­տեւ այդ նոյն կրօ­նական կա­ռոյցնե­րուն մէջ, եր­բեմն նոյ­նիսկ նո՛յն եկե­ղեց­ւոյ մէջ, թէ՛ կան այդ պահ­պա­նողա­կան եւ յա­ճախ յետահայեաց հո­սանքնե­րը, թէ՛ ալ կան այն երի­տասարդնե­րը որոնց հա­յեաց­քը դէ­պի ապա­գայ է: Ես բո­լոր յա­րանուանու­թիւննե­րու եկե­ղեցի­ները այնպէս չեմ տես­ներ, որ միայն պահ­պա­նողա­կան կեդ­րոններ են: Օրի­նակ Գա­լիֆոր­նիոյ արեւմտեան թե­մի Էջ­միած­նա­կան եկե­ղեցին շատ յստակ ծրա­գիր մը մշա­կած է, թէ ինչպէս պի­տի վե­րանո­րոգուի, երի­տասարդներ ընդգրկէ: Մա՛նա­ւանդ նոր Սփիւռքը, որ կու գայ Հա­յաս­տա­նէն կամ Ռու­սաստա­նէն Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա, միակ կա­ռոյ­ցը որուն շուրջ կը հա­մախմբուի՝ եկե­ղեցին է: Եւ եկե­ղեցին եթէ գի­տակ­ցութիւ­նը ու­նենայ, թէ ինչպէ՞ս պի­տի կա­րենայ ներգրա­ւել եւ հե­տաքրքրա­կան բա­ներ հրամցնել, աւե­լի պի­տի յա­ջողի եւ կա­րենայ գա­ղու­թին սիր­տը ըլ­լալ: Պահ­պա­նողա­կան մօ­տեցու­մով հաս­տա­տու­թիւննե­րը պի­տի չյա­ջողին: Երի­տասարդնե­րը ներգրա­ւելու միակ մի­ջոցը հարցնելն է՝ դուք ի՞նչ կ՚ու­զէք ընել, դուք ինչպէ՞ս կը տես­նէք ձեր ինքնու­թիւնը:

Ես իմ մա­գիստրո­սի աւարտաճառս գրած եմ Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ Liberation theology-ի (Ազա­տագ­րութեան Աս­տուածա­բանու­թիւն) մա­սին, թէ ինչպէ՞ս կա­թողի­կէ եկե­ղեցին, որ չա­փազանց պահ­պա­նողա­կան էր, եղաւ յա­ռաջ­դի­մական եւ նոյ­նիսկ յե­ղափո­խական, որոշ եր­կիրնե­րու մէջ: Մենք այդ հաս­կա­ցու­թիւնը չու­նինք. մե­զի հա­մար եկե­ղեցին միայն պահ­պա­նողա­կան վայր մըն է, բայց ես ան­պայման այդպէս չեմ տես­ներ, կար­ծեմ թէ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կան ու­ժեր, որ կրնան այս պահ­պա­նողա­կան գի­ծէն դուրս ել­լել, ներգրա­ւել երի­տասար­դութիւ­նը եւ ապա­գայ տես­լա­կան մը մշա­կել: Կան, գո­նէ ես գի­տեմ, քա­նի մը եկե­ղեցիներ ատի­կա կը գոր­ծադրեն: Մեր սփիւռքեան մար­տահրա­ւէր­ներն են ասոնք: Երբ ըն­կե­րոջս, Արա Սան­ճեանին հետ կը խօ­սիմ, կ՚ըսէ մեր պատ­մութեան մէջ միշտ եղած է այս երե­ւոյ­թը՝ պահ­պա­նողա­կան-յա­ռաջա­դէմ ու վերջ ի վեր­ջոյ միշտ յա­ռաջ­դի­մական­նե­րը կը յաղ­թեն: Ամէ­նէն պարզ օրի­նակը՝ 

19-րդ դա­րու գրա­բարի եւ աշ­խարհա­բարի վէճն էր, աշ­խարհա­բարը յաղ­թեց: Ղե­կավար­նե­րը եւ մտա­ւորա­կան­նե­րը պէտք է գի­տակ­ցութիւ­նը ու­նե­նան, թէ ո՞ր ուղղու­թիւննե­րով կ՚ու­զեն տա­նիլ հա­մայնքը, որ ըլ­լայ ի նպաստ մեր ինքնու­թեան զար­գա­ցու­մին, պահ­պա­նու­մին եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, Սփիւռքի մէջ: Հա­յաս­տա­նը կայ, պե­տու­թիւն ու­նի, ամէն ինչ կ՚ըն­թա­նայ ինչպէս որ ստեղ­ծուած քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը յար­մար կը դատեն:

«ՆՅ» – Իսկ նո­րոգում, բնա­կանա­բար, կը նշա­նակէ նոր մտա­ւորա­կանու­թիւն, նոր քա­ղաքա­կան պատ­րաստուած ու­ժեր եւ  կա­րեւոր են անոնց ակա­դեմա­կան կեդ­րոննե­րը։ Որ­քա­նո՞վ, այ­սօր, մեր հա­յագի­տու­թեան կեդ­րոննե­րը կ’օգ­նեն նոր մտա­ծողու­թեամբ երի­տասար­դութիւն, ղե­կավա­րու­թիւն պատ­րաստե­լու։

Ռ. Փ. – Ակա­դեմա­կան կեդ­րոննե­րուն նպա­տակը՝ հա­յագի­տական կամ ոչ, հե­տազօ­տու­թիւն ընելն ու ու­րիշ ակա­դեմականներ պատ­րաստելն է: Հա­մայնքա­յին կեդ­րոններ չեն: Տրա­մաբա­նու­թիւնը տար­բեր է: Իրենց նպա­տակը տար­բեր է: Ան­շուշտ կրնան գոր­ծակցիլ: Մէկ մա­սը սերտօրէն կը գոր­ծակցի, մէկ մա­սը՝ ոչ: Գաղտնի­քը հո՛դ է. հա­մալ­սա­րանի մը չես կրնար պար­տադրել այդ գոր­ծակցու­թիւնը: Հա­մալ­սա­րանի ամ­բիոնի պա­տաս­խա­նատուէն կու գայ եւ մեր հա­մալ­սա­րանի ամ­բիոն­նե­րը այնպէս են, որ մէկ մա­սը այդ գի­տակ­ցութիւ­նը ու­նի եւ կա­պերը կը հաս­տա­տէ, միւս մա­սը՝ ո՛չ, կը նա­խընտրէ իր գի­տական աշ­տա­րակին մէջ մնալ եւ ու­րիշնե­րուն հետ կապ չու­նե­նալ: Չես կրնար պար­տադրել: Ուստի, ի տես այս իրա­կանու­թեան՝ ի՞նչ կ՚ընես. կրնաս ստեղ­ծել սփիւռքեան հա­մայնքա­յին կա­ռոյ­ցէն ներս եւ դուրս այդպի­սի կեդ­րոններ: Օրի­նակի հա­մար Կիւլպէն­կեանը հի­մա ստեղ­ծեց Diasporan perspectives / Սփիւռքեան հե­ռան­կարներ անու­նով առ­ցանց կեդ­րոն մը, որուն նպա­տակն է հե­տազօ­տելը, բայց նաեւ՝ այդ հե­տազօ­տու­թիւնը մատ­չե­լի դարձնելը ոչ ակա­դեմական շրջա­նակ­նե­րուն: Այլ կազ­մա­կեր­պութիւններ ալ կրնան նման բան ընել, որուն նպա­տակը այդ վայ­րը ըլ­լալն է, ուր կրնանք այս նիւ­թե­րուն մա­սին խօ­սիլ, մտա­ծել, վի­ճարկել, հրա­տարա­կել: Բա­ւարար չեն, պէտք է աւե­լի ու­նե­նանք, հի­մա ժա­մանա­կակից մի­ջոց­նե­րը մե­զի ամէն հնա­րաւո­րու­թիւն կ՚ընձեռեն, որ գո­նէ առ­ցանց վայ­րեր ստեղ­ծենք, որ­պէսզի այս խօ­սակ­ցութիւննե­րը տե­ղի ու­նե­նան, այնուհետեւ իւրաքանչիւրը իր ստա­ցածը կրնայ կի­րար­կել իր աշ­խա­տան­քին մէջ: Այո՛, Կիւլպէն­կեանը հոս ալ դեր մը ու­նի խա­ղալիք, քով-քո­վի բերելու եւ այս նիւ­թե­րուն մա­սին խօ­սելու տեսանկիւնէն:

«ՆՅ» – Հիմ­նա­կան հարց մը կը ծա­գի այս խօ­սակ­ցութիւննե­րէն ետք, թէ նոր ղե­կավա­րու­թիւնը ինչպէ՞ս պի­տի պատ­րաստուի։ Այս հար­ցը կու տամ ել­լե­լով պատ­մութե­նէն. ժա­մանա­կին, եկե­ղեցա­կան­նե­րը Սփիւռքի մէջ ծնած­ներն էին, այ­սօր բո­լորը Հա­յաս­տա­նէն կու գան եւ ղե­կավար դեր ու­նին հա­մայնքնե­րու մէջ։ Ահա­ւասիկ հա­կասու­թիւն մը։

Ռ. Փ. – Չեմ խոր­հիր որ ղե­կավա­րու­թեան պա­կաս ու­նինք թուային առումով: Ղե­կավար­նե­րու պա­կաս ու­նինք այն իմաս­տով, որ հայ­կա­կան իրա­կանու­թեան մէջ տես­լա­կան մշա­կող եւ իրա­կանաց­նող ղե­կավար­ներ շատ քիչ ու­նինք հի­մա: Ին­չո՞ւ, որով­հե­տեւ 30 տա­րուան ըն­թացքին քիչ մը գի­նով­ցանք Հա­յաս­տա­նով եւ հի­մա այդ գի­նովու­թե­նէն կը սթա­փինք: Ապա, հայ­կա­կանու­թեան մէջ ունինք տա­րօրի­նակ իրա­կանու­թիւն մը. կարելի է, որ դուն ըլլաս քու ծի­րէդ ներս շատ լաւ ղե­կավար կամ մաս­նա­գէտ մը, բայց երբ կու գաս հայ­կա­կան պա­րու­նա­կին մէջ, այդ ամ­բողջը կը մոռ­նաս եւ կը սկսիս ոչ այդքան մաս­նա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կել: Վեր­ջը, ունինք ու­րիշ հարց մըն ալ. եթէ գործարարական աշ­խարհէն ներս շատ յա­ջող ես եւ շատ լաւ ղե­կավար ես, ըսել չէ որ հա­մայնքին մէջ շատ յա­ջող եւ շատ ար­դիւնա­ւէտ ղե­կավար պի­տի ըլ­լաս: Տար­բեր բա­ներ են: Յա­ճախ կ՚ըսեմ, երբ դուն առեւ­տուրի աշ­խարհին մէջն ես եւ դի­մացի­նէդ 1 քմ. առ­ջեւ ես, շատ լաւ է ատի­կա, որով­հե­տեւ այդ կը նշանակէ, թէ դուն հա­սու­թա­բեր շատ աւե­լի մեծ կա­րելիու­թիւններ ու­նիս։ Բայց երբ հա­մայնքիդ մէջ դուն մէկ քմ. առաջ ըլ­լաս՝ մէ­կը չի յա­րաբե­րիր քեզի հետ,  այն իմաս­տով որ չի հասկնար քեզ։ Հա­մայնքէդ 100 մեթր առաջ պի­տի ըլ­լաս, որ կա­րենաս հա­մայնքը ետե­ւէդ քա­շել: Մեր գործարար ղե­կավար­նե­րը դժբախ­տա­բար շատ ան­գամ չեն կրնար հասկնալ ասիկա, գործարական հո­գեբա­նու­թիւնը կամ մօ­տեցու­մը կը բե­րեն հա­մայնքին մէջ եւ հա­մայնքը կա՛մ չի հե­տեւիր, կա՛մ կ՚ընդվզի: Բայց հա­մայնքն ալ միւս կող­մէն միշտ կը սի­րէ յա­ջող մար­դիկ տես­նել իր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն գլխուն:

«ՆՅ» – Ար­դեօք այս ըսա­ծիդ մէջ հիմ­նա­կան խնդիր մը չկա՞յ մաս­նա­գիտաց­ման, որ հա­մայնքի ղե­կավար­նե­րը պէտք չէ որ ոչ-լիաժամ ղե­կավար­ներ ըլ­լան, այն իմաս­տով որ իրենց ժա­մանա­կին միայն 2-3 ժա­մը յատ­կացնեն հա­մայնքի գոր­ծե­րուն։ Անոր հա­մար հաս­տա­տու­թե­նակա­նու­թիւնը կա­րեւոր է։ Կա­ռոյ­ցը կ’ու­նե­նայ հո­գաբար­ձու մար­մին մը. ան կը նշա­նակէ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն մը, որ վար­ձատրուած է ու միակ գործը տնօ­րէնու­թիւնն է։

Ռ. Փ. – Բայց կան անոնք, ամէ­նէն մեծ օրի­նակը՝ եկե­ղեցին, վար­դա­պետ­նե­րը կը վճա­րուին եւ այլն: Աշ­խարհիկ իրա­կանու­թեան մէջ եւս մեծ հա­մայնքնե­րուն մէջ կայ:

«ՆՅ» – Մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կեդ­րո­նական գրա­սենեակ­նե­րը ու­նին պաշ­տօ­նէու­թիւն, սա­կայն մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, տե­ղական կա­ռաոյցնե­րը՝ ոչ։ Ֆրան­սա­յի կամ Պել­ճի­քայի մէջ այդպի­սի ղե­կավա­րու­թիւն չկայ, որ վար­ձատրուած ըլ­լայ։ եթէ CCAF-ը (Conseil de Coordination des Organisations arméniennes de France / Ֆրան­սա­հայ կազմակերպութիւննե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդ) առ­նենք օրի­նակի հա­մար, վար­ձատրուած ղե­կավա­րու­թիւն չու­նի։

Ռ. Փ. – Գա­ղափար­նե­րը կրնան շատ գե­ղեցիկ ըլ­լալ, բայց գե­ղեցիկ գա­ղափար­նե­րը ան­պայման լու­ծում չեն կրնար ըլ­լալ, որով­հե­տեւ մենք իրա­կանու­թեան մը մէջ կ՚ապրինք ու կ՚աշ­խա­տինք: Մեր Սփիւռքը 120 տա­րի է այսպէս ղե­կավա­րուած է, ընդհան­րա­պէս կա­մաւոր­նե­րով, որոնք եր­բեմն վար­ձատրուած են: Կա­մաւոր աշ­խա­տան­քը իր առա­ւելու­թիւննե­րը ու­նի. մեր ամ­բողջ Սփիւռքը այդ կա­մաւո­րական աշ­խա­տանքնե­րով ոտքի կը կանգնի: Ատոր մէջ մաս­նա­գիտա­կան բան մը մտցնե­լը՝ շատ լաւ է, հա­մաձայն եմ. հայ կեդ­րոննե­րու տնօ­րէն­ներ կան, որ կը վճա­րուին, բայց իրենց վրայ միշտ աւե­լի բարձր մար­միններ կան, որ կա­մաւոր հո­գաբար­ձու մար­միններ են: Այս կա­ռոյ­ցը փո­խելը գրե­թէ ան­կա­րելի է, ըստ իս, կրնանք երե­ւակա­յել, խօ­սիլ, բայց գործնա­կան գետ­նի վրայ՝ ան­կա­րելի է: Ինչպէ՞ս կրնանք մաս­նա­գիտա­ցու­մը մտցնել հա­մայնքին մէջ, հար­ցը ատի­կա պէտք է ըլ­լայ: Բայց ո՞ր ղե­կավա­րը կա­մաւոր ձե­ւով իր ու­ժը պի­տի յանձնէ ու­րի­շին: Դուն այդ մար­դուն հետ պի­տի աշ­խա­տիս, անոր հետ լե­զու պի­տի գտնես եւ վերջ ի վեր­ջոյ ոեւէ մէ­կը յա­ւիտեան պի­տի չմնայ: Պէտք է պատ­րաստել յա­ջորդ սե­րունդը, որ երբ իրենք այդ դիր­քե­րուն հաս­նին, քիչ մը աւե­լի գի­տակ­ցութիւն ու­նե­նան որ տար­բեր ձե­ւով աշ­խա­տին:

Լե­զուի պա­րագա­յին մեր կո­րիզն է արեւմտա­հայե­րէնը: Մենք 12 տա­րուան ըն­թացքին որոշ շար­ժում մը ստեղ­ծած ենք եւ հի­մա կը հաստատենք, որ փո­խուած են որոշ գա­ղափար­ներ, յա­ռաջա­ցած է ըն­թացք մը, որ ձեռնտու է արեւմտա­հայե­րէնը աւե­լի ամ­րապնդե­լու:

«ՆՅ» – Մա­տենադ­րա­նի գի­տաժո­ղովին ալ այսպի­սի հար­ցեր քննար­կուեցան ղե­կավա­րու­թեան բազ­մա­կեդ­րոն հար­ցին վե­րաբե­րեալ։ Ասի­կա կը վե­րաբե­րի նաեւ բազ­մա­կեդ­րոն կա­ռոյց մը ու­նե­նալուն։ Բազ­մա­կեդ­րոն երբ ըլ­լայ, պէտք է նաեւ ըլլայ իրա­ւական հիմք եւ մշա­կուին կա­րեւոր սկզբունքներ եւ ձե­ւով մը իւ­րա­ցուին հա­մայնքնե­րու ղե­կավա­րու­թեան կող­մէ։

Ռ. Փ. – Բազ­մա­կեդ­րոն ի՞նչ ըսել է. տար­բեր-տար­բեր վայ­րեր իրենց աշ­խա­տանքնե­րը կը տա­նին: Ամէ­նէն լաւ պա­րագա­յին տե­ղեակ ըլ­լա­լով մէկզմէկու աշ­խա­տանքնե­րէն: Այդ է որ կը յու­սանք, այդ է որ կար­ծեմ նաեւ գի­տաժո­ղովը կը փոր­ձէր ընել: Եր­բոր կեդ­րո­նացու­մի խօսք կ՚ըլ­լայ, միշտ անոր դէմ կը խօ­սիմ, որով­հե­տեւ կեդ­րո­նացու­մը ար­դիւնա­ւէտ չէ, չի կրնար ըլ­լալ: Մենք կեդ­րո­նացուած ազգ չենք, չենք եղած, ոչ ալ պի­տի ըլ­լանք: Մենք բազ­մա­վայր, բազ­մա­կեդ­րոն, որոշ մա­սերը՝ ինքնագ­լուխ եւ մեր ընդհա­նուր յա­ջողու­թիւնը ատոր մէջն է. տեղ մը Սփիւռքը կը մեռ­նի, ու­րիշ տեղ կը ծա­գի: Շա­տեր կ՚ըսեն, որ Սփիւռքը ապա­գայ չու­նի Լե­հաս­տա­նը օրի­նակ բե­րելով, ես ալ կ՚ըսեմ միւս կող­մը նա­յինք, աս­կէ 100 տա­րի առաջ Լոս Ան­ճըլըսի մէջ քա­նի՞ հայ կար, ինչպիսի՞ կեդ­րոն էր եւ հի­մա Սփիւռքի ամե­նամեծ կազ­մա­կեր­պուած գա­ղութն է (Ռու­սաստա­նէն դուրս), որ կազ­մա­կեր­պուած է ապա­կեդ­րո­նացուած ձե­ւով, բայց կազ­մա­կեր­պուա՛ծ է: Մեր գաղտնիքն է անի­կա, եւ կը խոր­հիմ այդ կեդ­րո­նացու­մը մեր ան­կումի բա­նալին կ՚ըլ­լայ, անոր մէջ միշտ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հար­ցը կայ՝ դէ­պի Հա­յաս­տան կեդ­րո­նաց­նե­լու գա­ղափա­րը կայ, մինչ Սփիւռքի մեծ մա­սը կ՚ընդվզի, կ՚ու­զէ իր իւ­րա­յատ­կութիւննե­րը պա­հել:

Գիրքս, որ մօտ օրէն հա­յերէ­նով լոյս պի­տի տես­նէ, կ՚անդրա­դառ­նայ այս հար­ցին. կը գործածէ բազ­մա­վայր եզ­րը. մենք բազ­մա­վայր ժո­ղովուրդ ենք, առնուազն հա­զար տա­րի եղած ենք բազ­մա­վայր, պե­տակա­նազուրկ, բայց ատի­կա նաեւ մեր յա­ջողու­թեան բա­նալին եղած է, որ մեր ինքնու­թիւնը շա­րու­նա­կուած է այսքան տա­րի ետք: Հի­մա վայրկեան մը մտա­ծէ, Ժի­րայր, Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի ետք մենք հոս նստած արեւմտա­հայե­րէնով կը խօ­սինք: Ասի­կա հրաշ­քի պէս բան մըն է, բայց հրաշք չէ ան­շուշտ: Հա­յերէն խօ­սելու, հայ ըլ­լա­լու ետին կան սփիւռքեան կառոյցներ, սփիւռքեան ըն­թացք մը կայ, մենք անոր շնորհիւ հոս նստած հա­յերէն կը խօ­սինք եւ վստահ եմ, որ 100 տա­րի ետք ու­րիշներ ալ պի­տի ըլ­լան, որ մեր տե­ղը պի­տի նստին եւ խօ­սին հա­յերէն եւ պի­տի զրուցեն ազ­գա­յին նիւ­թե­րու շուրջ. ի՞նչ պէտք է ընել, որ ատի­կա աւե­լի ամ­րապնդուի: 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■

Հարցազրոյցին տեսանիւթը՝ հետեւեալ կապով.-