Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Երեւա­նի Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնու­թիւնը Յու­լիս 22-էն 24 կա­յացած Հա­յագի­տական մի­ջազ­գա­յին 3-րդ հա­մագու­մա­րին բա­ցու­մը կատարեց՝ նշե­լով Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցի Աբ­բա­հօր ծննդեան 350-րդ տա­րեդար­ձը։ Այս առի­թով Մա­տենա­դարա­նի յար­կին տակ կազ­մա­կեր­պուած էր նաեւ Մխի­թարեան միաբա­նու­թեան նուիրուած ցու­ցա­հան­դէս մը։ Նա­խաձեռ­նութիւ­նը կա­րեւոր իրա­դար­ձութիւն մըն էր՝ ար­ժե­ւորե­լու հա­մար Մխի­թար Աբ­բա­հօր եւ անոր հիմ­նած միաբա­նու­թեան հիմ­նա­րար ու ապա­գայա­կերտ ներդրու­մը հա­յագի­տու­թեան աս­պա­րէզին մէջ։

Հա­յագի­տական հա­մագու­մա­րը նո­րահաս­տատ կա­ռոյց մըն է, որ կը մի­տի հա­մախմբել հա­յագի­տու­թեամբ զբա­ղող աշ­խարհաս­փիւռ ակա­դեմա­կան, մտա­ւորա­կան, կրօ­նական ու մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչնե­րը։ Սոյն կազ­մա­կեր­պութեան 3-րդ գի­տաժո­ղովը, լու­սարձա­կի տակ առ­նե­լով Մխի­թար Աբ­բա­հայրն ու անոր կեր­պա­րը, կը մե­ծարէ այն եզա­կի լու­սա­ւոր, գի­տու­թեան ծա­րաւ եւ յե­ղափո­խական կրօ­նաւո­րը, որ կանգնած է հայ մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան զար­թօնքի ակունքնե­րուն եւ հա­յագի­տու­թեան սկզբնաղ­բիւրին մօտ։

17-րդ դա­րուն՝ հա­յու­թեան պատ­մութեան դժուարին ու մութ ժա­մանա­կաշրջա­նին, երբ ազ­գը զուրկ էր կեն­սունակ ու ինքնու­րոյն ու­սումնա­գի­տա­կան կեդ­րոննե­րէ եւ են­թա­կայ էր օս­մա­նեան ու պարսկա­կան քա­ղա­քա­կան տի­րապե­տու­թեան, Մխի­թար կրօ­նաւո­րը կը թա­փառէր վան­քէ-վանք՝ յա­գուրդ տա­լու հա­մար իր ու­սումնա­տենչ ցան­կութեան։ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ միաբան ըլ­լա­լով հան­դերձ, կրթու­թեան սի­րոյն ան ըն­դունեց կա­թոլի­կու­թիւնը՝ հիմ­նե­լու հա­մար նոր միաբա­նու­թիւն մը, որ հե­տագա­յին պի­տի կո­չուէր Մխի­թարեան միաբա­նու­թիւն։ Ան հա­լածուեցաւ իր իւ­րա­յին­նե­րէն՝ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ կրօ­նաւոր­նե­րէն ու հե­տեւորդնե­րէն։ Ստի­պողա­բար հե­ռանա­լով իր հայ­րե­նակից­նե­րէն, որ­պէսզի աւե­լի լաւ ծա­ռայէ անոնց, հաս­տա­տեց գի­տու­թեան ու լու­սա­ւորու­թեան նոր դպրոց մը, որ երեք դար անընդմէջ տուաւ մե­ծանուն գիտ­նա­կան­ներ, գրող­ներ, ղե­կավար­ներ եւ ու­սեալ խաւ մը։ Ան հաս­ցուց կրթա­կան մշակ­ներ եւ հաս­տա­տեց Մխի­թարեան դպրոց­ներ տար­բեր եր­կիրնե­րու ու շրջան­նե­րու մէջ, ուր ամ­բողջ սե­րունդներ դաս­տիարա­կուե­ցան։

Բա­րեբախ­տա­բար, լու­սա­ւորու­թեան այս ճա­նապար­հին Մխի­թար Աբ­բա­հայ­րը առան­ձին չմնաց. անոր նման այլ նուիրեալ­ներ նոյն ու­ղին ընտրե­ցին Մատ­րա­սի, Մոս­կուայի եւ Անդրկով­կա­սի մէջ։ Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու մէջ յա­ռաջ եկան եւ­րո­պացի հա­յագէտ­ներ… աւե­լի ուշ հիմ­նուեցան նոր դպրոց­ներ, ինչպէս՝ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ճե­մարա­նը, Պոլ­սոյ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանը եւ Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան դպրո­ցը։ Այս բո­լորով հան­դերձ, Մխի­թարեան­նե­րու ներդրու­մը կը մնայ եզա­կի՝ իր տա­րողու­թեամբ եւ աշ­խարհագ­րա­կան տա­րածումով։

1980-ական թուական­նե­րէն սկսեալ Մխի­թարեան­նե­րը դի­մագ­րա­ւեցին բազմա­թիւ դժուարու­թիւններ՝ կրօ­նական կո­չումնե­րու նուազում, Վե­նե­տի­կի Մուրատ-Ռա­փայէ­լեան վար­ժա­րանի, ապա Սեւրի Սա­մուէլ-Մու­րատ վար­ժարանի փա­կում։ Վե­նե­տի­կի Սուրբ Ղազար Մայ­րա­վան­քը յայտ­նուեցաւ ան­նա­խադէպ տնտե­սա­կան տագ­նա­պի դի­մաց։ Ներ­կա­յիս կան նա­խաձեռ­նութիւններ, որոնք կը մի­տին միաբա­նու­թեան գոր­ծունէու­թիւ­նը նոր հու­նի մէջ դնել, որ­պէսզի դա­րե­րու ըն­թաց­քին հա­ւաքուած մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը ար­ժե­ւորուի եւ դրուի ի սպաս հա­յագի­տու­թեան։

Հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կան խռո­վայոյզ տագ­նապնե­րու այս ժա­մանա­կաշրջա­նին, ուր հա­յու­թիւնը եւս կ՚ապ­րի ինքնու­թեան խոր ճգնա­ժամ, յատ­կա­պէս Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի պար­տութեան հե­տեւան­քով, Մխի­թար Աբ­բա­հայ­րը կը մնայ գի­տու­թեան, յոյ­սի ու հա­ւատ­քի փա­րոս մը։ Հա­յագի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին 3-րդ հա­մագու­մա­րը լա­ւագոյն առիթն էր վե­րար­ժե­ւորե­լու Աբ­բա­հօր ժա­ռան­գութիւ­նը։ Ու­րա­խալի եւ խրա­խու­սիչ է, որ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը, Մա­տենա­դարա­նը, Մայր Աթո­ռը, Սփիւռքի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան կեդ­րոննե­րը, Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թիւնն ու հա­յագի­տու­թեան ամ­բիոն­նե­րը իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­­րին այս մե­­ծարան­­քին։ Կը մաղ­թենք, որ Միաբա­նու­թիւնը կա­րենայ դի­մագ­րա­ւել ար­դի ժա­մանակ­նե­րու գո­յատեւ­ման մար­տահրա­ւէրները, որ­պէսզի ան­խա­փան շա­րու­նա­կէ իր ազ­գա­յին ու կրօ­նական առա­քելութիւնը։

Ժ.Չ. ■