Պաքուի մէջ հնչեց Հայաստանի փառերգը
71kg GR - Janes Nazaryan (ARM)
Ջանէս Նազարեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ Արարատ Աւետիսեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ
Ազերպայճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ընթացող յունահռոմէական ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հայկական հաւաքականը պատմական եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց։ Մրցաշարքին ամէնէն յուզիչ ու հպարտառիթ պահը Հայաստանի պետական փառերգին հնչելն ու հայոց եռագոյնին բարձրանալն էր Պաքուի մարզադահլիճին մէջ, երբ 71 քկ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ջանէս Նազարեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը։
Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի առաջատար Ջանէս Նազարեան դէպի աւարտական փուլ իր ճամբան հարթեց բացարձակ գերակայութեամբ. այս քաշային կարգը կը յատկանշուէր մասնակիցներու ամէնէն մեծ թիւով։ Մինչեւ ոսկեայ մետալի համար վճռորոշ ճակատումը, հայ ըմբիշը իր մրցակիցներուն ոչ մէկ կէտ զիջեցաւ՝ բոլոր գօտեմարտերուն ալ ժամանակէն կանուխ յաղթանակներ արձանագրելով։ 1/16-րդ հանգրուանին ան 8-0 հաշիւով պարտութեան մատնեց նորվեկիացի Մարթին Լեթվիքը, 1/8-րդ փուլին՝ թուրք Մուհամմէտ Եիւրիւքը (9-0), քառորդ աւարտականին՝ հունգարացի Էրվին Ժուժորը (9-0), իսկ կէս-աւարտականին առաւելութեան հասաւ պուլկարացի Քրիսթիան Քրասթեւի նկատմամբ։
Աւարտական մենամարտին Նազարեան ուժերը չափեց Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Ասլան Ձուեւի հետ։ Թէեւ ռուս մարզիկը միակն էր, որ յաջողեցաւ Ջանէսէն 3 կէտ կորզել, սակայն պարտութենէն չկրցաւ խուսափիլ. հայ ըմբիշը 4-3 հաշիւով փայլուն յաղթանակ մը տարաւ՝ ապացուցելով, որ պատահական չէր նաեւ արդէն իսկ Եւրոպայի ախոյեան ըլլալու իր հանգամանքը։ Պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին Պաքուի կեդրոնը ամէնէն բարձրը ծածանեցաւ հայոց դրօշը, ու հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան փառերգը։
Անկէ առաջ, այս ախոյեանութեան մէջ հայկական հաւաքականին առաջին մետալը պարգեւած էր 48 քկ. դասակարգին մէջ մրցող Արարատ Աւետիսեանը։ Պրոնզէ մետալի համար մղուած պայքարին, Աւետիսեան 8-0 հաշիւով ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ իր հունգարացի մրցակիցին նկատմամբ՝ կանգնելով պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին։
