Վար­դա­վառը ծաղ­րած ռուս կայ­քագրո­ղին դէմ քրէական գործ յա­րու­ցուած է

Ֆենոմէն

Անոր ար­գի­լուած է հե­ռանալ Հայաստանէն

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­միտէն քրէական գործ յա­րու­ցած է «Ինսթակ­րամ»-ի ռուս կայ­քագրող (պլո­կըր) Նա­տեժ­տա Փի­րոժ­քո­վայի դէմ՝ հնա­գոյն Վար­դա­վառի տօ­նը ծաղ­րող անոր մեկ­նա­բանու­թիւննե­րուն յա­ջոր­դած հան­րա­յին մեծ վրդով­ման ալի­քէն ետք:

Քննու­թիւնը սկիզբ առած է, երբ հա­մացան­ցա­յին ազ­դե­ցիկ դէմ­քը (influencer) տե­սանիւթ մը հրա­պարա­կած է, ուր ջուր ցա­նելու սի­րուած տօ­նը որա­կած է ան­յարգա­լից արարք՝ հայ­կա­կան աւան­դութիւննե­րը նկա­րագ­րե­լով որ­պէս ար­հեստա­կան եւ ան­վա­յել:

Փի­րոժ­քո­վան կը մե­ղադ­րուի Հա­յաս­տա­նի Քրէական օրէնսգիր­քի 329-րդ յօ­դուա­ծով՝ հան­րա­յին ատե­լու­թիւն եւ թշնա­մանք հրահ­րե­լու յան­ցանքով։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­գի­լած են անոր երկրէն մեկ­նի­լը, մինչ նա­խաքննու­թիւնը տա­կաւին կը շա­րու­նակուի։ ■