Ծա­ռու­կեան կը վե­րադառ­նայ կա­լանա­վայր, մինչ անոր աշ­խա­տակից­նե­րը բո­ղոքի ցոյց կը կա­տարեն

Ծառուկեան

«Ար­դա­րու­թիւնը կը հի­ւան­դա­նայ, բայց չի մեռ­նիր»,– կը յայ­տա­րարէ Ծառուկեան

«Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան» կու­սակցու­թեան (ԲՀԿ) առաջ­նորդ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան, որ կա­լանա­վայ­րէն տե­ղափո­խուած էր Տնտե­սական յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու եւ մաք­սա­նեն­գութիւննե­րու քննու­թեան գլխա­ւոր վար­չութիւն, անհրա­ժեշտ քննչա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէն ետք ոս­տի­կան­նե­րու խիստ հսկո­ղու­թեամբ վե­րադար­ձած է կա­լանա­վայր։ Թէեւ ոս­տի­կան­նե­րը թոյլ չեն տուած լրագ­րողնե­րուն մօ­տենալ անոր, սա­կայն Ծա­ռու­կեան յա­ջողած է յայ­տա­րարել՝ «Ար­դա­րու­թիւնը կը հի­ւան­դա­նայ, բայց չի մեռ­նիր», ար­ձա­գան­գե­լով վար­չա­պետ Փա­շինեանի՝ «թա­լանածն է, որ հի­մա պե­տու­թեան կը վե­րադար­ձուի» յայ­տա­րարու­թեան։

Յի­շեց­նենք, որ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան կա­լանա­ւորուած էր Յու­լիս 7-ին՝ առանձնա­պէս մեծ չա­փով խար­դա­խու­թեան եւ փո­ղերու լուաց­ման մե­ղադ­րանքնե­րով։ Օրերս ԲՀԿ-ի առաջ­նորդին նկատ­մամբ հան­րա­յին նոր քրէական հե­տապնդում ալ յա­րու­ցուած է՝ հար­կե­րէն խու­սա­փելու յօ­դուա­ծով։ Մե­ծահա­րուստ գոր­ծա­րարին ղե­կավա­րած կու­սակցու­թեան մէջ այս ամ­բողջ գոր­ծընթա­ցը կ՚որա­կեն զուտ քա­ղաքա­կան։

Ծա­ռու­կեանի կա­լանա­ւոր­ման զու­գա­հեռ, անոր պատ­կա­նող ձեռ­նարկու­թիւննե­րը ար­դէն չոր­րորդ շա­բաթն ըլ­լա­լով կը մնան փակ. անոնց մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ստու­գումներ եւ գոյ­քագրումներ։ Այս կա­ցու­թեան պատ­ճա­ռով, ըն­կե­րու­թիւննե­րու քանի մը տաս­նեակ աշ­խա­տակից­ներ հա­ւաքուած են Կա­ռավա­րու­թեան շէն­քին առ­ջեւ՝ պա­հան­ջե­լով իրենց հնա­րաւո­րու­թիւն տալ աշ­խա­տան­քի վե­րադառ­նա­լու։ ■