Փաշինեան պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի նիստին

Փաշ-d80e-4689-8118-08decad17715_w1023_r1_s

Վարչապետ Նի­կոլ Փա­շինեան Յու­լիս 30-ին, լրագ­րողնե­րուն հետ ու­նե­ցած կարճ զրոյ­ցի մը ըն­թացքին, յայ­տա­րարած է, որ պի­տի մաս­նակցի Օգոս­տոս 6-7 նա­խատե­սուած Եւ­րա­սիական տնտե­սական միու­թեան (ԵԱՏՄ) միջ­կա­ռավա­րական խոր­հուրդի նիս­տին։

“ԵԱՏՄ-ն հար­թակ մըն է, ուր ես մեր օրա­կար­գին առնչուող բո­լոր հար­ցե­րը պի­տի բարձրաց­նեմ։ Պի­տի ըսեմ այն, ինչ որ նշե­ցի հոս, … որ ԵԱՏՄ-ն կա­թուա­ծահար է։ Եթէ ԵԱՏՄ-ի պայ­մա­նագի­րը չի գոր­ծեր, ու­րեմն չի գոր­ծեր նաեւ ԵԱՏՄ-ն։ Անի­կա փաս­տա­ցիօրէն կա­թուա­ծահար վի­ճակի մէջ է, ու այդ կա­թուա­ծահա­րու­թիւնը խո­րանա­լու մի­տումներ ցոյց կու տայ։ Եթէ այս հար­ցը արագ չլու­ծուի, ես հա­րիւր տո­կոսով վստահ եմ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը այս խնդի­րը պի­տի յաղ­թա­հարէ, իսկ ԵԱՏՄ-ն՝ պի­տի չկա­րենայ”,– նշած է Փա­շինեան։ Ան աւել­ցուցած է, որ այս կա­ցու­թիւնը վեր­ջին հա­շուով Հա­յաս­տա­նի հար­ցը չէ, այլ՝ կրնայ հան­դի­սանալ ԵԱՏՄ-ի վեր­ջա­ւորու­թեան սկիզ­բը։

Այ­սուհան­դերձ, ԵԱՏՄ-ի ան­դամ միւս չորս եր­կիրնե­րը յայ­տա­րարու­թիւն մը հրա­պարա­կած էին՝ պա­հան­ջե­լով յստակ ընտրու­թիւն կա­տարել, թէ Երե­ւանը կը մնա՞յ տնտե­սական այդ դա­շին­քին մէջ, թէ՞ եւ­րո­պական ու­ղին կը բռնէ։ Հա­յաս­տա­նեան նա­խընտրա­կան քա­րոզ­չութեան օրե­րուն, Ռու­սաստան ար­գի­լեց հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ապ­րանքնե­րու նե­րա­ծու­մը ռու­սա­կան շու­կայ՝ զայն պատ­ճա­ռաբա­նելով առող­ջա­պահա­կան եւ անվտան­գութեան չա­փանի­շերու խախ­տումնե­րով։ Եւ մինչ Երե­ւանը ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կով կը մի­ջամ­տէ, որ­պէսզի վերջ տրուի այս քա­ղաքա­կանու­թեան, Մոս­կուան ա՛լ աւե­լի կ՚ընդլայ­նէ ար­գի­լուած ար­տադրանքնե­րուն տե­սակա­նին։

Երկխօ­սու­թիւն Վլա­տիմիր Փու­թի­նի հետ եւ եւ­րո­պական ու­ղի

Անդրա­դառ­նա­լով վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի Ռու­սաստա­նի նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թի­նի հետ նա­խոր­դող օրե­րուն ու­նե­ցած հե­ռաձայ­նա­յին զրոյ­ցին (որուն ըն­թացքին Փա­շինեան հեր­քած էր ԵԱՏՄ-էն դուրս գա­լու ան­մի­ջական ծրագ­րե­րը), վար­չա­պետը նշած է, թէ «առ­նուազն քա­նի մը հար­ցե­րու շուրջ եկանք ընդհա­նուր ըմբռնման»։

“Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը օրի­նական իրա­ւունքն ու­նի ինքն իրեն հա­մար այ­լընտրանքներ ձե­ւաւո­րելու։ Ես Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հին ըսի, որ մենք յայ­տա­րարած ենք այդ ճա­նապար­հին մա­սին ու պի­տի ըն­թա­նանք այդ ու­ղիով, մա­նաւանդ հի­մա, երբ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդն ալ քուէար­կած է ատոր ի նպաստ։ Չեմ պատ­կե­րաց­ներ, որ մեր վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեամբ՝ յայտնուինք այնպի­սի կա­ցու­թեան մը մէջ, ուր Հա­յաս­տա­նը այ­լընտրանք չու­նե­նայ”,– ըսած է Փա­շինեան։ Պա­տաս­խա­նելով հար­ցումի մը, թէ ար­դեօք նա­խագա­հին հետ երկխօ­սու­թիւնը չյա­ջողե­ցա՞ւ, քա­նի որ հա­մաձայ­նութեան մա­սին խօսք չե­ղաւ, ան նշած է. “Երկխօ­սու­թիւնը յա­ջողե­ցաւ, քա­նի որ եր­կար խօ­սեցանք”։

Անդրա­դառ­նա­լով ԵՄ-ին ան­դա­մակ­ցե­լու հե­ռան­կա­րին՝ Փա­շինեան յի­շեցու­ցած է, որ Մա­յիս 29-ին Աս­թա­նայի մէջ ԵԱՏՄ-ի ան­դամ չորս եր­կիրնե­րու ղե­կավար­նե­րը միացեալ յայ­տա­րարու­թեամբ պաշտպա­նած էին Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ հար­ցով հան­րա­քուէ կա­տարե­լու գա­ղափա­րը։ “Ես Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հին ալ ըսի, որ այդ քուէար­կութիւ­նը չի կրնար տե­ղի ու­նե­նալ առանց բուն առար­կա­յի ներ­կա­յու­թեան։ Այդ հան­րա­քուէն կա­տարե­լու հա­մար, մենք առ­նուազն պէտք է դի­մած ըլ­լանք Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու հար­ցով”,– նշած է ան։ Փու­թին, իր կար­գին, կրկին պնդած էր, թէ Երե­ւան պէտք է հան­րա­քուէ կա­տարէ՝ յստա­կօրէն որո­շելու հա­մար, թէ եւ­րա­սիակա՞ն, թէ՞ եւ­րո­պական ու­ղիով կ՚ըն­թա­նայ։

Փա­շինեան՝ ռու­սա­կան շու­կա­յի սահ­մա­նափա­կումնե­րուն մա­սին. «Ոչ թէ ճգնա­ժամ է, այլ՝ հնա­րաւո­րու­թիւն»

Կա­ռավա­րու­թեան նիս­տին վար­չա­պետը անդրա­դառ­նա­լով ռու­սա­կան շու­կա­յի ար­գելքնե­րուն՝ պնդած է, թէ ստեղ­ծուած կա­ցու­թիւնը իրա­կանու­թեան մէջ ոչ թէ ճգնա­ժամ է, այլ՝ նոր հնա­րաւո­րու­թիւն մը, որ պի­տի օգ­նէ զար­գացնե­լու եւ բա­րելա­ւելու հայ­կա­կան ար­տադրան­քին որա­կը։

“Շա­տերը ասի­կա ճգնա­ժամ կը հա­մարեն, բայց ին­ծի հա­մար հնա­րաւո­րու­թիւն է, պա­տու­հան մը, որ մենք մեր առ­ջեւ բա­ցած ենք։ Աւար­տած է այն դա­րաշրջա­նը, երբ մենք այ­լընտրանք չու­նէինք։ Մենք ամէն տեղ եւ անընդհատ պէտք է այ­լընտրանք ու­նե­նանք, որ­պէսզի մեր ժո­ղովուրդը գիտ­նայ, թէ որո­շում կա­յաց­նե­լու հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նի”,– շեշ­տած է Փա­շինեան։ ■