Ազերպայճան կ՚օրինականացնէ հարկադիր հոգեբուժական քննութիւնը
Նոր զէնք՝ ընդդիմախօսներու դէմ
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վաւերացուցած է օրէնսդրական շարք մը փոփոխութիւններ, որոնք իշխանութիւններուն թոյլ կու տան մարդիկը հոգեբուժական քննութեան ենթարկել՝ առանց անոնց համաձայնութեան։ Քննադատներն ու իրաւապաշտպանները արդէն իսկ կ՚ահազանգեն, թէ նման օրէնք մը կրնայ իշխանութիւններուն լայն հնարաւորութիւն ընծայել՝ կառավարութեան ընդդիմախօսները «հարկադիր հիւանդանոցային բուժման» ենթարկելու եւ այդպէսով զանոնք լռեցնելու։
Այս փոփոխութիւնները, որոնք Յուլիս 30-ին պաշտօնապէս հաստատուեցան Ալիեւի կողմէ, կատարուած են հոգեբուժական խնամքի մասին երկրի օրէնքին մէջ։
Նոր կարգաւորումներուն համաձայն՝ դատախազները այսուհետեւ կրնան վարչական վարոյթի ենթարկուած անձերը հարկադրաբար հոգեբուժական քննութեան կամ խնամքի ուղարկել, եթէ նկատեն, որ այդ գործընթացին յապաղումը «սպառնալիք կը ներկայացնէ տուեալ անձին, կամ ալ ուրիշներու կեանքին ու առողջութեան»։
