Երեւանի աղի հանքին մէջ՝ 235 մեթր խորութեան գործող բուժարանը
«The Guardian»-ի անդրադարձը
Բրիտանական հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականը յատուկ յօդուածով մը անդրադարձած է Երեւանի Աւան համայնքին մէջ գործող աղի հանքի՝ մակերեսէն 235 մեթր (770 ոտնաչափ) խորութեան վրայ գտնուող բուժարանին, որ աշխարհի սակաւաթիւ նմանատիպ հաստատութիւններէն մէկն է։ Խորհրդային շրջանէն ի վեր գործող այս կեդրոնին մէջ շնչառական խնդիրներ ունեցող հիւանդները օրական շուրջ 6 ժամ կ՚անցընեն գետնին տակ։
Բժշկական հաստատութիւնը կը կոչուի Քարանձաւաբուժութեան հանրապետական կեդրոն, որ իր դռները բացած է 1987-ին՝ ցարդ գործող 4.000 քառ. մեթրնոց աղի հանքի մը տարածքին մէջ, որուն փապուղիները վերածուած են բուժման եւ հանգստեան սրահներու։ Հիւանդները հոն կ՚իջնեն արդիւնաբերական վերելակով՝ քարաղի շերտերու ընդմէջէն հասնելով ելեկտրական լապտերներով լուսաւորուած սրահներ։
Պատերու երկայնքին՝ վարագոյրներու ետին տեղադրուած նեղ մահճակալները աւելի շատ կը յիշեցնեն Պաղ պատերազմի շրջանի պատսպարան (bunker), քան՝ հիւանդանոցային սովորական հիւանդասենեակ։ Գետնափոր այս սրահներուն մէջ անցնող ժամերուն ընթացքին, այցելուները կը հանգստանան, կը քալեն փապուղիներուն մէջ, պիլիառ կը խաղան կամ շնչառական մարզանքներ կը կատարեն։
Բուժման այս եղանակը կը կոչուի քարանձաւաբուժութիւն (spéléothérapie). անիկա հիմնուած է այն տեսութեան վրայ, թէ աղով հարուստ եւ ալերժէններէ զերծ օդը կը թեթեւցնէ շնչառական հիւանդութիւնները։ Բուժման ամբողջական ընթացքը կը տեւէ 3 շաբաթ, որոնցմէ առաջինը նախատեսուած է մարմինը ստորգետնեայ միջավայրին վարժեցնելու համար։
1989-էն ի վեր կեդրոնին մէջ աշխատող բժշկուհի Անոյշ Ոսկանեան «The Guardian»-ին պատմած է, որ այս գաղափարը յառաջացած է խորհրդային բժիշկներու դիտարկումներէն. անոնք նկատած էին, որ աղահանքի աշխատողները, հակառակ իրենց ամբողջ կեանքը գետնին տակ անցընելնուն, անհամեմատ աւելի քիչ կը տառապէին շնչառական հիւանդութիւններէ։ Հետազօտողները ուսումնասիրած էին հանքերու միկրոկլիման, որմէ ետք խորհրդային դաշինքի երկիրներուն մէջ բացուած էին նմանատիպ մասնագիտացուած բուժարաններ։
Իրավիճակը փոխուեցաւ 2019 թուականին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը դադրեցուց կեդրոնին պետական գանձատրումը՝ պատճառաբանելով, որ քարանձաւաբուժութիւնը չունի բաւարար գիտական ապացոյցներ՝ պետական աջակցութենէ օգտուելու համար։ Ներկայիս հիւանդները իւրաքանչիւր այցելութեան համար կը վճարեն 10.000 դրամ (շուրջ 26 տոլար)։ ■
