Ռոպէր Կէտիկեանի նոր շարժանկարը Վենետիկի մէջ 

images

Ֆրան­սա­հայ հան­րա­ծանօթ բե­մադիր Ռո­պէր Կէ­տիկեան իր նոր՝ «Կին մը՝ այ­սօր» (« Une femme aujourd’hui ») ժա­պաւէ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Վե­նետի­կի շար­ժանկա­րի 82-րդ մի­ջազ­գա­յին փա­ռատօ­նին։ Ըն­կե­րային այս թա­տեր­գութիւ­նը ընտրուած է փա­ռատօ­նի «Հե­ղինակ­նե­րու օրեր» (Giornate degli Autori) ծրագ­րին հա­մար։

Շար­ժանկա­րին առանցքը կը կազ­մէ 30-ամեայ Ժիւ­լիէթին կեր­պա­րը։ Ան ինքզինք կը նկա­րագ­րէ իբ­րեւ ազատ եւ ան­կախ կին մը, սա­կայն անոր կեան­քը կը սկսի քայ­քա­յուիլ գոր­ծընկե­րոջ մը կող­մէ անոր են­թարկուած բուռն յար­ձա­կու­մէն ետք։ Ժա­պաւէ­նին պաշ­տօ­նական ցու­ցադրու­թիւնը Ֆրան­սա­յի շար­ժանկա­րի սրահ­նե­րուն մէջ նա­խատե­սուած է Հոկ­տեմբեր 21-ին։

Կէ­տիկեան աւե­լի քան 20 մեծ կտա­ւի շար­ժանկար­նե­րու հե­ղինակ, մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր եւ բարձր գնա­հատան­քի ար­ժա­նացած արուես­տա­գէտ մըն է։ Բե­մադի­րը ծա­նօթ է նաեւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իւ­րա­յատուկ ոճով. ան իր գոր­ծե­րուն մէջ յա­ճախ հայ­կա­կան նիւ­թեր կը միահիւ­սէ։ Անոր նա­խորդ աշ­խա­տանքնե­րէն յատ­կանշա­կան է 2006-ին նկա­րահա­նուած «Ճամ­բորդու­թիւն դէ­պի Հա­յաս­տան» 

(« Le Voyage en Arménie ») ժա­պաւէ­նը, որ կը բա­ցայայ­տէ իր նախ­նի­ներու հայ­րե­նիքին մէջ հայ­րը փնտռող կնոջ մը ոդի­սակա­նը։ Յի­շատա­կու­թեան ար­ժա­նի է նաեւ, որ Կէ­տիկեանի ժա­պաւէն­նե­րուն մե­ծամաս­նութեան (նե­րառեալ՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիրուած «Խենթ պատ­մութիւն մը» գոր­ծը) գլխա­ւոր դե­րերը մշտա­պէս կը մարմնա­ւորէ բե­մադի­րին կինն ու հա­ւատա­րիմ գոր­ծընկե­րը՝ ֆրան­սա­ցի տա­ղան­դա­շատ դե­րասա­նու­հի Արիան Աս­քարիտը։ ■