Լեւոն Արոնեանի փայլուն յառաջխաղացքը

Արոնեան

հայազգի վարպետը արագ ճատրակի վարկանիշային աղիւսակին մէջ աշխարհի երկրորդն է

Հայաս­տա­նի ճատ­րա­կի ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանի նախ­կին առա­ջատար Լե­ւոն Արո­նեան բարձրա­ցած է ՖԻ­ՏԷ-ի արագ ճատ­րա­կի՝ իրա­կան ժա­մանա­կի (live) վար­կա­նիշա­յին աղիւ­սա­կին երկրորդ տե­ղը՝ «WR Chess Rapid & Blitz Miami» մրցա­շար­քին ցու­ցա­բերած իր տպա­ւորիչ ելոյթնե­րուն շնոր­հիւ։

Արո­նեան, որ 2021 թուակա­նին Ամե­րիկա­յի Միացեալ Նա­հանգներ հաս­տա­տուե­լէն ի վեր կը ներ­կա­յաց­նէ այդ երկրին հա­ւաքա­կանը, արագ ճատ­րա­կի երեք խա­ղերուն նուաճեց 2,5 կէտ՝ իր հա­շուոյն աւելցնե­լով 15 վար­կա­նիշա­յին կէտ։ Այսպէ­սով, անոր ան­հա­տական վար­կա­նիշը հա­սաւ 2777-ի, եւ այժմ ընդհա­նուր դա­սաւոր­ման մէջ ան կը զի­ջի միայն աշ­խարհի ախո­յեան Մակ­նիւս Քարլսը­նին։ Նշենք, որ իրա­կան ժա­մանա­կի այս ցու­ցա­նիշե­րը պաշ­տօ­նական կը դառ­նան ՖԻ­ՏԷ-ի յա­ռաջի­կայ վե­րանա­յու­մէն ետք։

Մա­յամիի այս մրցա­շար­քը բա­ւակա­նաչափ վե­րաձե­ւեց նաեւ արագ ճատ­րա­կի վար­կա­նիշա­յին աղիւ­սա­կին վեր­նա­խաւը: Ուզպե­քիս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցիչ Ճա­ւոխիր Սին­տա­րով բարձրա­ցաւ վե­ցերորդ դիրք, մինչ անոր հայ­րե­նակից Նո­տիր­պէք Ապ­տուսա­թորով նուաճեց 20 վար­կա­նիշա­յին կէտ՝ վե­րադառ­նա­լով 2700-երու ակումբ: Միւս կող­մէ, ամե­րիկա­ցի Ֆա­պիանօ Քա­րուա­նան կորսնցուց 15,5 կէտ եւ այժմ 2700,5 կէ­տով կը գտնուի 2700-ի սահ­մա­նագի­ծէն ըն­դա­մէնը կէս կէտ վեր:

Իր սե­րունդի արագ ճատ­րա­կի ամէ­նէն զօ­րաւոր խա­ղացող­նե­րէն մէ­կը հա­մարուող Արո­նեան, ինչպէս կ՚երե­ւի, կա­յուն կեր­պով կը պահ­պա­նէ 

իր տե­ղը աշ­խարհի ընտրա­նիին մէջ՝ «կրնկակոխ հետեւելով Քարլսը­նին»։ ■