Հայ գիրի պատմական օրրաններէն մէկուն՝ Ամսթերտամի մէջ իր դռները բացած է «Մատթէոս Ծարեցի» հայկական գրադարանը

Ամսթերտամ

Հոլան­տա­յի մայ­րա­քաղաք Ամսթեր­տա­մի մէջ քա­նի մը ամիս առաջ իր դռնե­րը բա­ցած է «Մատ­թէոս Ծա­րեցի» հայ­կա­կան գրա­դարա­նը։ Տեղ­ւոյն հայ հա­մայնքէն եկող այս հիանա­լի նա­խաձեռ­նութեան շնոր­հիւ՝ ըն­թերցա­սէր­նե­րուն կ՚առա­ջար­կուի Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան վե­րաբե­րող գիր­քե­րու ըն­դարձակ ու հա­րուստ հա­ւաքա­ծոյ մը։

Ան­կեղծօ­րէն, Ամսթեր­տամին միան­գա­մայն կը վա­յելէր նման նա­խաձեռ­նութիւն մը։ Այս նո­րու­թիւնը ինքնին ող­ջունե­լի ըլ­լա­լէ ան­դին՝ խո­րապէս խորհրդան­շա­կան է, քա­նի որ Ամսթեր­տա­մը պատ­մա­կանօ­րէն այն քա­ղաք­նե­րէն եղած է, ուր տպուած են առա­ջին հա­յերէն գիր­քե­րը (նե­րառեալ՝ 1666 թուակա­նին Ոս­կան Երե­ւան­ցիի կող­մէ տպագ­րուած հա­յերէն առա­ջին Աս­տուածա­շունչը)։

Նկա­տի ու­նենալով հո­լան­տա­կան մայ­րա­քաղա­քին մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ տպագ­րութեան հա­րուստ պատ­մութիւ­նը՝ նո­րաբաց այս կեդ­րո­նը, որ ար­դա­րօրէն կը կրէ Ամսթեր­տա­մի մէջ հայ­կա­կան տպագ­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Մատ­թէոս Ծա­րեցիի անու­նը, շատ սպա­սուած եւ ար­ժէ­քաւոր յա­ւելում մըն է հա­մայնքա­յին կեանքին մէջ: ■