«Թումօ»-ն մուտք կը գործէ Վրաստան

Թումօ

Հայկական կրթական ցանցին առաջին կեդրոնը կը բացուի Քութայիսի մէջ

Հայկա­կան «Թու­մօ» կրթա­կան ցան­ցը իր պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մաս­նա­ճիւղ մը կը հիմ­նէ Վրաս­տա­նի մէջ։ Նո­րաբաց այս կեդ­րո­նը կը գտնուի Քու­թա­յիս քա­ղաքը, Վրաս­տանի խորհրդա­րանի նախ­կին շէն­քին մէջ։ Իր ապա­գայա­մէտ ապա­կեայ գմբէթով ծա­նօթ այս իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյ­ցը այժմ վե­րածուած է Ար­հեստա­գիտա­կան հա­մալի­րի:

Կեդ­րո­նը իր դռնե­րը պաշ­տօ­նապէս պի­տի բա­նայ եւ աշա­կերտներ հիւ­րընկա­լէ յա­ռաջի­կայ Սեպ­տեմբե­րին։ Ամէն շա­բաթ մին­չեւ 1800 պա­տանի­ներ հնա­րաւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան լիովին անվճար ու­սա­նելու ար­հեստա­գիտու­թիւն եւ ձե­ւաւո­րում (տի­զայն)՝ հե­տեւե­լով «Թու­մօ»-ի առա­ջար­կած 11 կրթա­կան ուղղու­թիւններուն։ ■