Լիլիթ Մակունց պիտի նշանակուի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնին պիտի նշանակուի Լիլիթ Մակունց։ Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ Լիլիթ Մակունց 2025 Օգոստոս 29-էն ի վեր կը վարէ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը։ 2021-էն 2025 թուականներուն ան եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանը։ Անկէ առաջ Մակունց ստանձնած է նաեւ Մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրուած է Ազգային ժողովի երեսփոխան։
Ներկայիս վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը կը վարէ Արայիկ Յարութիւնեան, որ այս պաշտօնին նշանակուած էր 2021 Յուլիս 1-ին։
Մելանիա Յարութիւնեան ալ՝ վարչապետի մամլոյ բանբեր
Լրագրողներու հետ նոյն հանդիպումին՝ Փաշինեան նաեւ յայտնած է, որ վարչապետի մամլոյ քարտուղար պիտի նշանակուի Մելանիա Յարութիւնեան։

Ենթական կառավարութեան մէջ աշխատած է իբրեւ մասնակցային եւ բաց կառավարման հարցերու վարչութեան խորհրդական՝ համակարգելով կառուցուածքային ստորաբաժանումներու առանձին գործառոյթներ։
Անոր դիմագիրքեան էջին վրայ նշուած է, որ ան ուսանած է Պետական կառավարման ակադեմիային, ինչպէս նաեւ՝ Առաջնորդութեան դպրոցին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Նազելի Բաղդասարեան, Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցանկէն ընտրուած է երեսփոխան եւ կը լքէ վարչապետի մամլոյ քարտուղարի իր պաշտօնը։ ■
