Փաշինեան. «Հայաստան կրնայ վերանայիլ երկաթուղիին ռուսական շահագործման պայմանները»
Հայաստան կրնայ վերանայիլ ռուսական կողմին տրամադրուող այն շարք մը աղբիւրներուն ու ծառայութիւններուն պայմանները, որոնք նախապէս անվճար եղած են. այս մասին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան՝ մեկնաբանելով ընդդիմութեան յայտարարութիւնները «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ին շուրջ ստեղծուած կացութեան ծիրին մէջ սակագիներու հաւանական բարձրացման վերաբերեալ։
“Հայաստանի մէջ եւս կան բաներ, որոնք նախապէս անվճար տրամադրուած են, իսկ այժմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ անոնց դիմաց տարեկան 2 միլիառ տոլար պահանջել”,– ըսած է Փաշինեան։ Ան աւելցուցած է, որ ասիկա կրնայ վերաբերիլ նաեւ երկաթուղիի հարցին, սակայն խուսափած է մանրամասնութիւններ տալէ։
Վարչապետը ընդգծած է, որ երկաթուղին կը պատկանի Հայաստանին, եւ Հայաստան պէտք է կարելիութիւն ունենայ զայն օգտագործելու այնպէս, ինչպէս նպատակայարմար կը նկատէ։
2008-էն ի վեր հայկական երկաթուղիի շահագործման իրաւունքը 30 տարուան համար ստանձնած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնը, որ «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու քոյր ձեռնարկութիւն մըն է։
“Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է. երկաթուղին մեր սեփականութիւնն է, եւ Հայաստան պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ զայն օգտագործելու այնպէս, ինչպէս նպատակայարմար կը գտնէ։ Ասոր այլընտրանք չկայ։ Այս հարցը պէտք է լուծուի”,– յայտարարած է Փաշինեան։
Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստան իրաւունք ունի գործածելու որեւէ օրինական միջոց «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ի պայմանագրին կապուած հարցերու կարգաւորման համար՝ ներառեալ իրաւարարութիւնը (arbitrage)։
Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, թէ Երեւան կ՚ակնկալէ հարցը լուծել բարեկամական ձեւաչափով եւ պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը ռուսական կողմին հետ։
Փաշինեան նաեւ յայտնած է, որ երկաթուղիի հարցը չէ արծարծուած Յուլիս 27-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Երկաթուղիի վերաբերեալ Հայաստանի ծրագրերուն մասին
2026 Փետրուարին, Փաշինեան չէր բացառած հայկական երկաթուղիի կառավարման իրաւունքը Ռուսաստանէն այլ երկրի մը փոխանցելու հաւանականութիւնը, որ բարեկամ ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ, մասնաւորապէս՝ Քաթարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ Ղազախստանին։
Ան նաեւ յայտարարած էր, որ TRIPP ծրագրի շրջանակին մէջ շարք մը երկիրներ կ՚առաջարկեն Նախիջեւանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը կազմակերպել Հայաստանը շրջանցելով՝ նշելով, որ հայկական երկաթուղին կը գտնուի ռուսական ընկերութեան մը կառավարման տակ։ Ըստ անոր՝ ասոր պատճառով «Հայաստան կը կորսնցնէ իր մրցունակութեան առաւելութիւնը»։
