ՀՐԱՏԱՊ. Յարձակում Երուսաղէմի Հայոց թաղամասի Սրբոց Յակոբեանց վանքին վրայ
Շաբաթէն Կիրակի առաւօտ, ժամը 1-ի շուրջ, վեց հրեայ իսրայէլացի կասկածեալներ յարձակում գործեցին Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայոց թաղամասին մէջ գտնուող Սրբոց Յակոբեանց վանքի մուտքին վրայ:
Ականատեսներու վկայութեամբ՝ խումբի անդամները հերթաբար թքած են վանքի մուտքին վրայ: Երբ անոնք նկատած են, որ հայ կին մը իր մերձակայ բնակարանէն կը տեսագրէ միջադէպը, քարեր նետած են անոր պատուհանին ուղղութեամբ՝ հայհոյելով եւ վիրաւորական բացագանչութիւններ արձակելով. «Նե՛րս մտիր, պոռնիկի զաւակ»:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը դէպքի վայր ժամանած է յարձակումին մասին ահազանգ ստանալէն ետք: Քիշլէհի ոստիկանատան աշխատակիցները, «Մապաթ 2000» (Mabat 2000) հսկողութեան ստորաբաժանումին աջակցութեամբ, անմիջապէս որոնողական աշխատանքներու ձեռնարկած եւ յայտնաբերած են վեց կասկածեալները՝ հինգ անչափահաս եւ մէկ չափահաս: Վեցն ալ ձերբակալուած են վանքին վրայ թքելու եւ քարեր նետելու մեղադրանքով:
Հարցաքննութենէ ետք, կասկածեալներէն երեքը ներկայացուած են Երուսաղէմի Հաշտարար դատարան (Magistrate’s Court)՝ անոնց կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու պահանջով: Միւս երեքը ազատ արձակուած են սահմանափակիչ պայմաններով: Ոստիկանութեան պաշտօնական արձանագրութիւններուն համաձայն՝ կասկածեալներէն երեքին դէմ արձակուած է հրաման, որով անոնց 15 օր կ՚արգիլուի մուտք գործել Երուսաղէմի Հին քաղաք:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է իշխանութիւններուն: Ոստիկանական քննութիւնը կը շարունակուի, եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու ի յայտ գալուն պէս կ՚ակնկալուին նոր յայտարարութիւններ:
Իբրեւ հակազդեցութիւն միջադէպին՝ Հայոց պատրիարքութիւնը հրապարակային կոչով մը դիմած է Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Մայք Հաքապիին՝ յորդորելով անգամ մը եւս դատապարտել Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ ուղղուած ատելութեան արարքները եւ պահանջել իսրայէլեան կառավարութենէն, որ նման յարձակումները որակէ իբրեւ ատելութեան հողի վրայ կատարուած քրէական յանցագործութիւններ:
Պատրիարքութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Տիա՛ր Հաքապի, կրկին կոչ կ՚ընենք ձեզի՝ դատապարտելու Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեաներու դէմ ատելութեան այս արարքները: Կրկին կոչ կ՚ընենք ձեզի՝ պահանջելու իսրայէլեան կառավարութենէն քրէականացնել այս արարքները՝ ըստ իրենց իսկական բնոյթին։Արեւմուտքի որեւէ այլ երկրի մէջ ասոնք ատելութեան յանցագործութիւններ կը համարուին. ինչո՞ւ հոս եւս նոյնը չեն նկատուիր»:
301arm-ի թղթակից՝ Գեղամ Պալեան
