Հայաստան իր տնօրինութեան տակ կ՚առնէ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «ՆՈՅ» գործատան կառավարումը
Հայաստանի Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) դատարանը ընդառաջած է Գլխաւոր դատախազութեան դիմումին եւ պետութեան կառավարման ու պահպանութեան յանձնած է «Երեւանի Արարատ քոնեակի-գինիի-օղիի կոմպինատ» (ՆՈՅ) ընկերութեան բաժնեթուղթերը:
Այս որոշումը կայացուած է ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործընթացի ծիրին մէջ, ուր դատախազները կը պնդեն, որ այդ ունեցուածքը ձեռք բերուած է ապօրինի ճամբով:
Գագիկ Ծառուկեանի եւ անոր հետ առնչութիւն ունեցող անձերու դէմ դատական հայցը ներկայացուած էր 2023 Հոկտեմբեր 9-ին: Գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ բռնագանձել 75 անշարժ գոյք (ներառեալ՝ 52 բնակարան Նոր Նորքի մէջ, 5 բնակարան Աբովեան փողոցին վրայ, 11 բնակարան Կոտայքի մարզին մէջ), նա՛եւ 10 գոյքի շուկայական արժէքը, 42 ինքնաշարժ, մասնաբաժիններ 38 ընկերութիւններու մէջ (որոնց շարքին՝ «Մուլտի Գրուպ կոնցեռն» ՍՊԸ, «Մուլտի Ավտոտրանս» ՍՊԸ, «Օնիրա Քլաբ» ՍՊԸ), ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 106 միլիառ դրամ (աւելի քան 287 միլիոն տոլար):
Ասիկա Ծառուկեանին պատկանող արդէն երկրորդ մեծագոյն ձեռնարկութիւնն է, որ կ՚անցնի պետութեան կառավարման տակ. Յուլիս 15-ին նմանօրինակ որոշում կայացուած էր նաեւ «Արարատցեմենտ» գործատան համար: Բացի ատկէ, յիշեցնենք, որ նախապէս «Մուլտի Ուելնես» համալիրը յանձնուած էր Երեւանի քաղաքապետարանին:
