Նիկոլ Փաշինեան նշանակուեցաւ վարչապետ

Փաշ-նշանակում-ed3e-487e-19d0-08decad58b60_cx0_cy7_cw0_w1023_r1_s

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Կիրակի, Օգոստոս 2-ին ստորագրեց Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ նշանակող հրամանագիրը։ Հրամանագիրին բնագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Նախապէս, նախագահը ընդունած էր Կառավարութեան հրաժարականը, զոր ըստ Սահմանադրութեան պահանջին՝ ներկայացուցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նստաշրջանի սկիզբը։

Ըստ Սահմանադրութեան՝ նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու շրջանի սկիզբէն անմիջապէս ետք, նախագահը վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան առաջադրած թեկնածուն։

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, իբրեւ Ազգային ժողովի մէջ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժ, վարչապետի պաշտօնին առաջադրեց կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նախագահը հրամանագիրը ստորագրած է՝ իր նստավայրին մէջ հիւրընկալելով վարչապետի պաշտօնակատարը։

“Ինծի համար մեծ պատիւ է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի ընձեռած այս կարելիութեամբ ստորագրել Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակելու հրամանագիրը, որուն առաջարկը ստացած եմ Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութենէն։ Անկեղծօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ կը մաղթեմ մեծ համբերութիւն, տոկունութիւն ու վճռականութիւն՝ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ մեզ առաջնորդելու եւ երկիրը դէպի բարեկեցիկ ապագայ տանելու համար”,– նշած է Վահագն Խաչատուրեան։

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած եւ մասնաւորապէս ըսած է. “Պէտք է անկեղծ ըլլամ. 2018-ին, երբ Ժողովրդային ոչ-բռնի թաւշեայ յեղափոխութեամբ ստանձնեցի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, դժուար էր կանխատեսել, որ մենք պիտի անցնէինք այսպիսի ճանապարհէ մը, եւ կը կարծեմ, որ դժուար էր կանխատեսել նաեւ, որ ի վիճակի պիտի ըլլայինք յաղթահարելու այս ուղին։ Բայց մենք հասանք՝ ուր որ ենք, եւ կը կարծեմ, թէ այս ամէնուն մէջ առանցքային դերն ու նշանակութիւնը միանշանակ եւ աներկբայօրէն կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ ի վերջոյ պետական գիտակցութեան եւ պետականակեդրոնութեան իւրայատուկ արտայայտութիւններ ի ցոյց դրաւ այս ամբողջ ընթացքին։ Եւ անշուշտ, ասիկա մեծ պարտաւորութիւն ու յանձնառութիւն է”։

”Կը յուսամ, որ 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը ի վերջոյ պիտի դառնայ այնպիսի հարթակ մը, որ պիտի ըլլայ քաղաքական գաղափարներու, միտքերու, տեսլականներու եւ ոչ թէ անձերու բախման միջավայր: Այսօր ալ տեսայ, որ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջադրած պարոն Ռուբինեանը նոյն պատգամը յղեց՝ ցուցաբերելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ խորհրդարանին մէջ աշխատելու առանց անձնական եւ անձնաւորուած թիրախաւորումներու, հայհոյանքի եւ վիրաւորանքի տրամաբանութենէն դուրս: Անշուշտ, բանավէճերը պէտք է եւ պիտի ըլլան սուր, բայց շատ կարեւոր է, թէ այդ սրութիւնը ինչի՛ կը վերաբերի. անիկա պէտք է վերաբերի քաղաքական, եւ ընկերա-տնտեսական բովանդակութեան, եւ ոչ թէ՝ փոխադարձ թիրախաւորումներուն”,– շեշտած է վարչապետը։

“Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն՝ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած՝ իշխանութիւն ընտրելու կարելիութիւնը այլեւս իրողութիւն դարձած է։ Ասիկա մեզի համար միշտ երազանք եղած է: Մեր ժողովուրդը տարիներ շարունակ կատարած է իր ընտրութիւնը, բայց դժբախտաբար, իշխանութիւնը խլած են անոր ձեռքէն: 2018-էն ետք մեր ժողովուրդը կը կատարէ իր ընտրութիւնը եւ կը ձեւաւորէ այդ իշխանութիւնը: Եւ այն իշխանութիւնը, զոր ժողովուրդը ընտրած է, ունի այդ պարտաւորութիւնը եւ պէտք է արդարացնէ իրեն ցուցաբերուած վստահութիւնը”,– ըսած է նախագահը։

“Բայց կայ կարեւոր այլ ազդակ մըն ալ. պետութեան կայունութիւնն ու ամրապնդումը կախեալ են ոչ միայն իշխանութիւնը ստանձնող քաղաքական մեծամասնութենէն, այլեւ՝ ընդդիմութենէն: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ հասարակութիւնը որքան որ որակեալ քաղաքական մեծամասնութեան կարիք ունի, նոյնքան ալ՝ աւելի կարեւոր դեր ունի ընդդիմութիւնը: Եւ մենք միասնաբար պէտք է ամէն ինչ ընենք ու պէտք է աշխատինք նաեւ ընդդիմութեան հետ”,– եզրափակած է Վահագն Խաչատուրեան։