«Աէրոֆլոթ»-ը ուղղակի թռիչքներ պիտի ապահովէ Քրասնոտարի եւ Գիւմրիի միջեւ
Ռուսաստանի ազգային օդային ընկերութիւնը՝ «Աէրոֆլոթ»-ը, պիտի մեկնարկէ նոր կանոնաւոր երթուղի մը, որ իրարու պիտի կապէ Քրասնոտարն ու Գիւմրին։ Նախատեսուած է թռիչքները սկսիլ Օգոստոս 28-ին։
Այս նոր ծառայութիւնը պիտի գործէ շաբաթական երկու անգամ՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, սպասարկուելով «Airbus A320» տիպի օդանաւերով։
Նոր երթուղին պիտի ընդլայնէ Ռուսաստանի Քրասնոտարի երկրամասին եւ Հայաստանի՝ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքին միջեւ օդային կապը։ Նշենք, որ կանոնաւոր մարդատար թռիչքներու համար օդակայանի վերաբացումէն ի վեր, «Աէրոֆլոթ»-ը աշխուժօրէն կը զարգացնէ Քրասնոտարէն մեկնող միջազգային ուղղութիւնները։
