«Corriere della Sera». Եւրոպան կը ծրագրէ ապօրինի գաղթականներ ուղարկել Հայաստան եւ այլ երկիրներ
Ըստ իտալական «Corriere della Sera» օրաթերթին, Օգոստոս 4-ին Իտալիա Եւրոպական խորհուրդին պիտի ներկայացնէ առաջարկ մը՝ Եւրոպական Միութենէն դուրս գտնուող շարք մը երկիրներու մէջ ապօրինի գաղթականներու համար Եւրոպական Միութեան կողմէ գանձատրուող արգելափակման կեդրոններ ստեղծելու վերաբերեալ։ Ըստ աղբիւրին՝ հաւանական հիւրընկալ պետութիւններու նախնական ցանկին վրայ կը գտնուի նաեւ Հայաստանը։
Այս առաջարկը կը յաջորդէ Եւրոպական Միութեան անդամ 22 պետութիւններու կողմէ ստորագրուած միացեալ նամակին, որով կը պահանջուի աւելի խիստ միջոցներու դիմել ապօրինի գաղթի դէմ պայքարելու եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմանները ամրապնդելու համար։
Ըստ օրաթերթին, Իտալիոյ Ներքին գործոց նախարար Մաթէօ Փիանթետոզի պիտի ներկայացնէ ծրագիր մը, որ հիմնուած է Ալպանիոյ հետ Իտալիոյ կնքած գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնագրին վրայ: Առաջարկին համաձայն՝ ապօրինի գաղթականները պիտի տեղափոխուին Եւրոպական Միութենէն դուրս գտնուող կեդրոններ, ուր պիտի քննուին անոնց ապաստանի դիմումները եւ պիտի կազմակերպուի անոնց վերադարձը իրենց ծագման երկիրներ։
Ի տարբերութիւն Ալպանիոյ հետ գոյութիւն ունեցող համաձայնագրին, առաջարկուող կեդրոններու ցանցը պիտի գանձատրուի Եւրոպական Միութեան կողմէ։ Թէեւ կը նախատեսուի, որ կեդրոններուն մեծ մասը հիմնուի Ափրիկէի մէջ, «Corriere della Sera»-ն կը յայտնէ, որ նկատի առնուած երկիրներու շարքին է նաեւ Հայաստանը:
Օրաթերթին հրապարակած հաւանական հիւրընկալ երկիրներու նախնական ցանկը կ՚ընդգրկէ Ռուանտան, Կանան, Սենեկալը, Թունուզը, Լիպիան, Մաւրիտանիան, Եգիպտոսը, Ուկանտան, Եթովպիան, Ուզպեքիստանը, Մոնթենեկրօն եւ Հայաստանը:
Այս տեղեկութիւնը կը հրապարակուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Եւրոպայի հարաւային սահմաններուն վրայ գաղթականներու ճնշումը կը շարունակէ աճիլ: Յուլիս 30-ին հազարաւոր երիտասարդ մարոքցիներ հաւաքուած էին սպանական Սէուտա (Ceuta) անկլաւի սահմանին մօտ՝ փորձելով անցնիլ եւրոպական տարածք:
Փաշինեանի կառավարութիւնը տակաւին չէ մեկնաբանած այս լուրը, իսկ Եւրոպական Միութիւնն ու Իտալիան պաշտօնապէս չեն հաստատած Հայաստանի ընդգրկումը այս ծրագրին մէջ:
