Պաքուի մէջ ֆրանսացի Մարթէն Ռիան 10 տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ
Screenshot
Փարիզ կը բողոքէ
Ֆրանսայի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով Պաքուի հրահրած երկարատեւ դատական գործընթացը հասած է իր տխուր աւարտին։ Յուլիս 29-ին ֆրանսացի քաղաքացի Մարթէն Ռիան Վերաքննիչ դատարանին կողմէ դատապարտուած է 10 տարի բանտարկութեան Ազերպայճանի մէջ՝ «լրտեսութեան» մեղադրանքով, ինչ որ Ֆրանսան կտրականապէս կը հերքէ: Ան կը մեղադրուէր Պաքուի Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ աշխատող Ֆրանսական արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան (DGSE) անդամներուն կողմէ հաւաքագրուած ըլլալու յանցանքով։ Ի դէպ, աւելի ուշ DGSE-ի վերոնշեալ անդամներն ալ արտաքսուեցան երկրէն:
Նշենք, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները երբեք չեն կրցած Ռիանի մեղաւորութիւնը հաստատող որեւէ ապացոյց ներկայացնել: Այս առնչութեամբ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ բողոքելով դատավճիռին դէմ եւ ֆրանսացիներուն յիշեցնելով, որ խստիւ կը յանձնարարուի չերթալ Ազերպայճան՝ «այդ երկրին մէջ կամայական կալանաւորման եւ անարդար դատավարութեան ենթարկուելու վտանգին» պատճառով: Ֆրանսայի անդրծովեան տարածքներուն մէջ Պաքուի գրգռութիւններուն զուգահեռ՝ Փարիզի եւ Ազերպայճանի միջեւ լարումը կը շարունակուի։ Թերեւս ժամանակն է, որ Ֆրանսան վերջապէս ցոյց տայ իր ուժը։ Ինչպէս նախագահ Մաքրոն կ՚ըսէ՝ հզօր ըլլալու համար պէտք է վախ ներշնչել, եւ այս դէպքը խօսքէն գործի անցնելու լաւագոյն առիթն է։
