ԱՄՆ-ը կրկնապատկած է «TRIPP+» առեւտրային հիմնադրամի միջոցները՝ 201 միլիոն տոլարէն հասցնելով 402 միլիոնի
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրկնապատկած է «TRIPP+» (TRIPP+ Enterprise Fund) առեւտրային հիմնադրամին միջոցները՝ զանոնք 201 միլիոն տոլարէն հասցնելով 402 միլիոնի: Այս մասին կը տեղեկանանք ամերիկեան կառավարութեան պետական ծախսերու պաշտօնական կայքէջէն, ուր կը նշուի, թէ 201 միլիոն տոլարի առաջին դրամաշնորհը յատկացուած է այս տարուան Յունուար 30-ին, իսկ երկրորդ 201 միլիոնը՝ Յուլիս 16-ին:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ տրամադրուած դրամաշնորհին գործածութեան վայր նշուած է Հայաստանը, իսկ գումարը պէտք է ծախսուի յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին՝ մինչեւ 2036 Դեկտեմբեր:
«TRIPP+» առեւտրային հիմնադրամը կը ղեկավարէ Խորհրդային Միութեան մէջ ծնած եւ ապա Շիքակօ հաստատուած ամերիկացի ներդրող Քոնսթանթին Սոքոլով, որ Հայաստանի մէջ ծանօթ է իբրեւ հեռահաղորդակցութեան մեծ ընկերութիւններէն «Վիվա Արմենիա»-ի համասեփականատէր։ Վերջերս «Վիվա Արմենիա»-ն ձեռք բերած էր նաեւ հեռահաղորդակցութեան այլ ընկերութեան մը՝ «Ռոսթելեքոմ»-ի բաժնեթուղթերը։ Բացի ասկէ, Սոքոլովի ղեկավարած ամերիկեան «Dynamic Frontier Holdings» ընկերութիւնը վերջերս գնած է նաեւ Թեղուտի պղինձի եւ մոլիպտենի հանքավայրը:
Նշենք, որ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Օգոստոս 5-ին Երեւանի մէջ հիւրընկալած է Քոնսթանթին Սոքոլովն ու ԱՄՆ-ու յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդական Արիէ Լայցթոունը: Ըստ Երեւանի, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ծրագրի գործադրման ուղղուած աշխատանքները եւ կողմերը ընդգծած են զայն սեղմ ժամանակի մէջ իրագործելու իրենց երկուստեք շահագրգռութիւնը:
