Պետական համակարգին մէջ աշխատելու համար ստացուած է 1141 դիմում
459 թեկնածու անցած է երկրորդ փուլ
Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ աշխատելու նպատակով առաջատար համալսարաններու շրջանաւարտներէն ստացուած է ընդհանուր 1141 դիմում: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին վրայ կատարած գրառումով յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ամփոփելով Յունիսի կէսերուն կատարուած հրաւէրին արդիւնքները։
Ներկայացուած վիճակագրութեան համաձայն, նախնական ընտրութեամբ՝ 459 թեկնածու կամ դիմողներուն շուրջ 40 տոկոսը անցած է երկրորդ փուլ։ Թեկնածուներուն միջին տարիքը 34 է։
Վարչապետը կը նկատէ, որ նախաձեռնութիւնը արժանացած է մեծ հետաքրքրութեան: Այնուհետեւ, հարցազրոյցներու եւ մասնագիտական գնահատման արդիւնքներու հիման վրայ պիտի կազմաւորուի կառավարութեան մասնագէտներու «շտեմարան»-ը: Ընտրուած թեկնածուներուն կրթութիւնը, աշխատանքային փորձառութիւնն ու մասնագիտական հմտութիւնները պիտի համադրուին պետական համակարգի յստակ կարիքներուն հետ։
Փաշինեան աւելցուցած է նաեւ, որ ծրագրի ծիրէն ներս արդէն իսկ կան յստակ որոշումներ նշանակումներու վերաբերեալ։ «Պէտք է արձանագրեմ, որ այսօր արդէն շարք մը դիմողներ բարձր պաշտօններու նշանակելու որոշում կայացուցած եմ, եւ յառաջիկային պիտի տեսնէք այդ որոշումներուն իրագործումը»,– յայտնած է կառավարութեան ղեկավարը։
Մասնագէտներու «շտեմարան»-ին մէջ ընդգրկուած միւս թեկնածուներուն յառաջիկայ տարուան ընթացքին եւս կրնան ընծայուիլ պետական կառավարման համակարգէն ներս աշխատանքի կարելիութիւններ կամ համագործակցութեան այլ ձեւաչափեր:
