Ուաշինկթընեան համաձայնագրին առաջին տարեդարձը

Փաշ-Թրամփ-Ալիեւ

Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնած է Իլհամ Ալիեւին

Օգոստոս 8-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը. «Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեամբ 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Խաղաղութեան վեհաժողովի առաջին տարեդարձին առիթով, որուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուեցաւ խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ նախաստորագրուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը: Կողմերը յատկապէս մատնանշած են նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ԱՄՆ-ու կառավարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը խաղաղութեան գործընթացի յառաջ մղման գործին մէջ»։

Հայկական կողմին համաձայն՝ զրուցակիցները նշած են «Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացը»։ Զրոյցին ընթացքին ընդգծուած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումը՝ իբրեւ խաղաղութեան ընձեռած բարիքներու շօշափելի դրսեւորում:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ կողմերը անդրադարձած են ազերպայճանական նաւթամթերքի դէպի Հայաստան արտածման, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դէպի այլ ուղղութիւններ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու իրականացման: Փաշինեանն ու Ալիեւը խօսած են նաեւ «TRIPP» երթուղիի գործնականացման մասին:

«Կողմերը ընդգծած են խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, փոխկապակցուածութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան ապահովման ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը»,– նշուած է հայկական կողմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հեռաձայնային զրոյց նաեւ՝ Տանըլտ Թրամփի հետ

Վարչապետ Փաշինեան նոյն օրը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Թրամփին՝ 2025 Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Խաղաղութեան վեհաժողովը կազմակերպելուն եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած Խաղաղութեան հռչակագիրը իբրեւ վկայ ստորագրելուն համար: Ան յատկապէս ընդգծած է խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ նախագահ Թրամփի անձնական ջանքերուն վճռորոշ նշանակութիւնը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Ուաշինկթընի Խաղաղութեան վեհաժողովը յանգեցուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ իրական խաղաղութեան հաստատման, զոր այսօր կը տեսնեն եւ կը զգան երկու երկիրներու ժողովուրդները:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է նաեւ «TRIPP» ծրագրի իրականացման ներկայ հանգրուանը: Վարչապետ Փաշինեանն ու նախագահ Թրամփը վերահաստատած են մօտ ապագային այս ծրագրի կառուցման աշխատանքները սկսելու իրենց հաստատակամութիւնը:

Զրոյցի ծիրին մէջ, կողմերը արծարծած են նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող այլ հարցեր: