«Թումօ»-ի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան արժանացաւ… պետական բարձր պարգեւի…
…Հայրենիքին մատուցած տասնամեակներու ծառայութեան համար
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ եւ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան, Երեւանի նախագահական նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանէն ստացաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Առաջին աստիճանի շքանշանը:
Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակին հաղորդագրութեան համաձայն՝ Սիմոնեան այս պարգեւին արժանացաւ Հանրապետութեան տօնին առիթով. պարգեւատրումը կու գայ գնահատելու կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ տնտեսութեան զարգացման մէջ անոր ունեցած նշանակալի աւանդը, հայապահպանութեան ի նպաստ անոր տարած աշխատանքն ու բազմամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:
Նախագահ Խաչատուրեան շնորհաւորեց Սիմոնեանը եւ դրուատեց անոր երկարամեայ ծառայութիւնը հայրենիքին: Ան մաղթեց քաջառողջութիւն, նորանոր նուաճումներ եւ շարունակական արդիւնաւէտ աշխատանք:
Սիմոնեան 2011-ին, իր կնոջ՝ Սիլվայի հետ, Երեւանի մէջ հիմնեց «Թումօ»-ն՝ իրենց իսկ ստեղծած «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի միջոցներով։ Արհեստագիտութեան եւ ձեւաւորման (տիզայն) այս անվճար արտադպրոցական ծրագիրը անկէ ի վեր ընդլայնեցաւ ամբողջ Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ՝ մասնաճիւղ մըն ալ բանալով Լոս Անճըլըսի մէջ: Ան կը նախագահէ «Թումօ» հիմնադրամի եւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդներուն:
Ան ՀԲԸՄ-ի ութերորդ նախագահ ընտրուեցաւ 2024 Հոկտեմբեր 12-ին, Նիւ Եորքի մէջ կայացած միութեան 93-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին՝ յաջորդելով Պերճ Սեդրակեանին, որ 22 տարի ղեկավարած էր Միութիւնը։ Սիմոնեան 2000-էն 2019 պաշտօնավարած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մէջ, իսկ անկէ ի վեր մաս կը կազմէ անոր Հոգաբարձուներու խորհուրդին։
Պէյրութ ծնած Սիմոնեան, նախքան ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ գաղթելը, աւարտած է տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը։ Ան ելեկտրական ճարտարագիտութեան վկայական ստացած է Թեքսասի համալսարանէն (Արլինկթընի մէջ) եւ 1989-ին համահիմնադրած է «Inet Technologies» հեռահաղորդակցութեան ընկերութիւնը։ Կը բնակի Տալաս (Թեքսաս):
Մայիս 2000-ին ան արժանացած է «Էլլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին, իսկ նախապէս պարգեւատրուած էր Հայաստանի պետական պարգեւով՝ «Անանիա Շիրակացի» մետալով։
