Ռուսաստանէն՝ նոր սպառնալիք
Վերջին շրջանին Հայաստանի դէմ Ռուսաստանի շղթայազերծած սպառնալիքներու ալիքը սաստկացած է նոր դրսեւորումով մը։
Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ Հայաստանի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին զգուշացուցած է, որ Ռուսաստան կրնայ իր քաղաքացիները յորդորել զերծ մնալու Հայաստան ճամբորդելէ, եթէ շարունակուին ռուս քաղաքացիներու, ինչպէս Մոսկուա կ՚որակէ՝ «համակարգուած ձերբակալութիւնները»։
Այս նախազգուշացումը կը հնչէ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ ահագնացող լարումի ենթախորքին վրայ, մինչ ռուս պաշտօնատարներ հայկական իշխանութիւնները կը մեղադրեն Ռուսաստանի քաղաքացիները թիրախաւորելու յանցանքով։
Հայկական կողմը հերքած է այս մեղադրանքները։
