Փօ քաղաքը (Pau) իր մշակութային աշխուժութեան նոր հանգրուան մը կը նշէ «Մայրիկ»-ի՝ քաղաքի առաջին հայկական մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացումով։ «Հայկական Շարժում» (Le Mouvement Arménien) միութեան մաս կազմող այս իւրայատուկ վայրը կը միտի ըլլալ փոխանցման, հաղորդակցութեան եւ յայտնաբերումի կենդանի տարածք մը՝ բաց բոլորին համար։

«Մայրիկ» մշակութային կեդրոնը, ինչպէս անունն իսկ ցոյց կու տայ, առաքելութիւնն ունի ուսուցանելու հայոց լեզուն, փոխանցելու հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ արուեստի, երաժշտութեան եւ աւանդական պարի միջոցաւ ապրեցնելու անոր գեղարուեստական արտայայտութիւնները։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի մանուկներուն եւ նոր սերունդներուն՝ մտերմիկ եւ հոգատար միջավայրի մը մէջ քաջալերելու համար ուսումն ու մշակութային փոխանցումը։

2023-ին Փոյի մէջ հիմնուած «Հայկական Շարժում»-ը արագօրէն դարձաւ շրջանի յանձնառու մշակութային դերակատարներէն մէկը։ Միութիւնը կը ջանայ համախմբել Փոյի բնակիչները, հայ ընտանիքները, Հայաստանի բարեկամներն ու հետաքրքրուողները՝ բոլորին հասանելի մշակութային ձեռնարկներու շուրջ, խթանելով միջ-մշակութային երկխօսութիւնն ու համակեցութիւնը։

Այս հիմնական ծրագիրը կեանքի կոչուած է Փօ քաղաքին հետ ամուր գործակցութեամբ եւ քաղաքապետ Ֆրանսուա Պայրուի հովանիին ներքոյ։ Քաղաքապետարանի մնայուն աջակցութիւնը թոյլ տուաւ միութեան իրականացնել այս յաւակնոտ նախաձեռնութիւնը՝ այսպէսով ամրապնդելով տեղական մշակութային կեանքն ու համաշխարհային մշակոյթներու տարածումը քաղաքին սրտին մէջ։

«Մայրիկ»-ի բացումով, Փօ քաղաքը կը դառնայ հայկական մշակոյթի նոր եւ կարեւոր կեդրոն մը Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքին մէջ։ Կեդրոնը այժմ կը ծրագրէ զարգացնել կանոնաւոր գործունէութիւն՝ լեզուի լսարաններ, պարի դասընթացքներ, գեղարուեստական աշխատանքներ, մշակութային հանդիպումներ եւ հանրային ձեռնարկներ։

«Մայրիկ»-ը նախ եւ առաջ կ՚ուզէ ըլլալ կեանքի, փոխանցման եւ եղբայրութեան վայր մը, ուր հայկական մշակոյթը պիտի կարենայ լիարժէք արտայայտուիլ եւ շարունակել տարածուիլ՝ այսօր եւ գալիք սերունդներուն համար։