Լիլիթ Բարսեղեանի «Unknown Artefact» ժապաւէնը, որ ամբողջութեամբ ստեղծուած է արհեստական բանականութեան (AI) միջոցաւ, շահած է «Լաւագոյն AI Ֆիլմ» մրցանակը՝ AI Միջազգային ֆիլմի փառատօնին (AI International Film Festival)՝ դառնալով կարեւոր հանգրուան մը հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ։

Այս ֆիլմը Հայաստանի առաջին գեղարուեստական արտադրութիւնն է, որ ամբողջովին պատրաստուած է ԱԲ (AI) արհեստագիտութեամբ։ 2025 Նոյեմբերին աւարտած «Unknown Artefact»-ը Դեկտեմբերին ներկայացուած է միջազգային մրցոյթին եւ մրցանակը ստացած՝ Դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած ցուցադրութեան ընթացքին։

Բարսեղեան, որ նախապէս արտադրած է քանի մը երկար եւ կարճ վաւերագրական ժապաւէններ, 2025-ին դիմեց արհեստական բանականութեան՝ ստեղծելու համար իր առաջին գեղարուեստական գործը։ «Unknown Artefact»-ը ամբողջութեամբ հեղինակային գործ մըն է. Բարսեղեան ոչ միայն ստեղծած է ֆիլմը AI գործիքներով, այլեւ գրած է բեմագրութիւնը եւ հեղինակած՝ երաժշտութիւնը։ Ժապաւէնին երաժշտութիւնը նոյնպէս ստեղծուած է AI-ի միջոցաւ՝ ընդգրկելով հայկական եւ դասական երաժշտութեան տարրեր։ Ժապաւէնը անգլերէն է եւ կը տեւէ 19 վայրկեան։

2021-ին հիմնուած AI Միջազգային ֆիլմի փառատօնը աշխարհի առաջին փառատօնն է, որ նուիրուած է բացառապէս արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած ֆիլմերու։ Անկախ փառատօնը ունի մրցանակային բազմաթիւ անուանակարգեր եւ կը կազմակերպէ ամսական ցուցադրութիւններ ու մրցոյթներ Հոլիվուտի մէջ, ինչպէս նաեւ առցանց ցուցադրութիւններ՝ միջազգային հանդիսատեսին համար։

Փառատօնի պաշտօնական կայքէջին վրայ «Unknown Artefact»-ը նկարագրուած է որպէս «անսպասելիօրէն հզօր 19 վայրկեաննոց սուզում մը դէպի բեկորուած գիտակցութեան խորքերը. միաժամանակ գիտա-երեւակայական, հոգեբանական տրամա եւ փորձառական տենդային երազ»։ Դատակազմը գնահատած է ֆիլմին ոչ-գծային պատումը, տեսողական աղաւաղումներու դիտաւորեալ օգտագործումը՝ իբրեւ ներքին քայքայման փոխաբերութիւն, եւ զուսպ բայց ներգրաւող նկարահանումը՝ նշելով, որ տեսողական ազդեցութիւնները կը ծառայեն պատմութեան, այլ ոչ թէ կը ճնշեն զայն։

Ժապաւէնը կը պատմէ Լիլիի մասին՝ երիտասարդ կին մը, որ մասնագիտական յաջողութեան հասած է որպէս արուեստի համադրող եւ արտաքուստ կը վայելէ երջանիկ ընտանեկան կեանք։ Սակայն այս արտաքին կայունութեան տակ թաքնուած է չլուծուած փառասիրութիւն մը՝ որպէս նկարիչ ճանչցուելու փափաքը։ Իր հետքը ձգելու մոլուցքով տարուած՝ Լիլին կը փորձէ իր անունը փորագրել ամէն տեղ՝ արխիւներէն ու լեռնագագաթներէն մինչեւ ովկէանոսի յատակը, միաժամանակ պայքարելով ստեղծագործական ձախողութեան խոր վախին դէմ։ Ճանաչում գտնելու իր այս յաճախանքը ի վերջոյ կը մղէ զինք վտանգելու ամէն ինչ՝ որպէս իր ժամանակի մեծագոյն վերացական նկարիչը (abstractionniste) յիշուելու համար։

Ըստ Բարսեղեանի, Լիլիի կերպարը կը ցոլէացն ծանօթ պայքար մը։ «Ան ունի այն նոյն խնդիրը, որ ունին մեզ շրջապատող շատ մը մարդիկ. մշտապէս կը ծրագրեն ստեղծել բան մը, սակայն երբեք քայլեր չեն առներ այդ ուղղութեամբ»,– ըսած է բեմադիրը։ Պատմութիւնը անսպասելի շրջադարձ մը կը ստանայ՝ ի վերջոյ յուշելով, որ ժամանակը կը պահպանէ միայն այն, ինչ որ իսկապէս իրական է։

Մեկնաբանելով մրցանակը՝ Բարսեղեան ըսած է, թէ նման հեղինակաւոր միջազգային փառատօնի մը յաղթական դառնալը թէ՛ ներշնչող է եւ թէ՛ մղիչ ուժ, որ զինք կը քաջալերէ շարունակելու նոր ստեղծագործական ծրագրերու մշակումը։