Քարտի Պի «Vogue Arabia»-ի կողքին՝ լիբանանահայ ձեւաւորող Գրիգոր Ճապոթեանի ձեւաւորած զգեստով
Ամերիկացի հանրածանօթ ռեփ երգչուհի Քարտի Պի (Cardi B) կը զարդարէ «Vogue Arabia» հանդէսի Սեպտեմբերի թիւին կողքը՝ կրելով լիբանանահայ ծանօթ ձեւաւորող Գրիգոր Ճապոթեանի «Al Maktoub 2026» (Գլուխ XIII) հարսանեկան հաւաքածոյէն նրբագեղ ճերմակ զգեստ մը։ Ջրահարսի ուրուագիծով, ձեռագործ ժանեակներով, բաց ուսերով եւ տպաւորիչ փէշով այս ստեղծագործութիւնը լուսանկարուած է գեղարուեստական տնօրէն Սիլվեսթըր Մաքոյի կողմէ, իսկ ոճաբանն է Լիզա Ճարվիս։
Պէյրութի «ESMOD» ակադեմիան աւարտելէ ետք, Ճապոթեան իր ասպարէզը սկսած է Էլի Սաապի նորաձեւութեան տան մէջ, իսկ 23 տարեկանին՝ ընտանիքին աջակցութեամբ հիմնած է իր սեփական կարի տունը: Անոր ստեղծագործութիւնները յայտնի են իրենց իւրայատուկ ձեռագործ աշխատանքով, շքեղ կտորներով ու աւանդականի եւ արդիականի անթերի միաձուլումով։
Իր քանդակագործական, ռոմանթիք զգեստներով ու ճոխ հարսանեկան հաւաքածոներով ծանօթ Ճապոթեանի յաճախորդներու շարքին են Յորդանանի Ռանիա թագուհին եւ հանրածանօթ դերասանուհի Ռեճինա Քինկ, որ 2015-ին իր Էմմի մրցանակը ստանձնեց հայ ձեւաւորողին զգեստով: Ճապոթեանի յաջողութեան ուղին վառ ապացոյցն է միջազգային նորաձեւութեան աշխարհին մէջ հայկական տաղանդի աճող ազդեցութեան:
