Մեղրիի մէջ կը կառուցուի Հայաստանի պատմութեան ամենաերկար կամուրջը

Կամուրջ

Մեղրիի մէջ կ՚ընթանայ Հայաստանի պատմութեան ամենաերկար կամուրջին շինարարութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսաուղերձի մը միջոցաւ յայտարարած է ծրագրին մասին՝ նոր 700 մեթրնոց կամուրջը որակելով ամենախոշոր ենթակառուցային շինութիւնը ոչ միայն ժամանակակից Հայաստանի, այլեւ հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան մէջ։

Կամուրջը կը կառուցուի «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի զարգացման ծիրէն ներս եւ արդէն իսկ կը նկատուի երկրին նորագոյն պատմութեան ամենայաւակնոտ ճարտարագիտական նախագիծերէն մէկը։