Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարած է, որ կարելի չ՚ըլլար կապ հաստատել Իրանի հայ համայնքին հետ, ինչ որ մտահոգիչ է։
Ան այս մասին նշած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի 2025 թուականի աշխատանքները եւ 2026-ի ընելիքները ամփոփող ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Յունուար 12-ին, «Արմէնփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ։
Ներկայացնելով, թէ Հայաստան ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ Իրանի մէջ վերջին օրերուն տիրող լարուած կացութեան եւ բողոքի լայնածաւալ ցոյցերու լոյսին տակ հոն բնակող հայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ՝ Սինանեան նշած է, որ խնդիրներ կան անոնց հետ կապ հաստատելու առումով։
“Իրանի մէջ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, երբ ցոյցերը աւելի սաստկացան, տեղեկութիւն չունինք․ այս պահուն ալ չենք կրնար կապուիլ մեր հայրենակիցներուն հետ, ինչ որ մեզ շատ կը մտահոգէ։ Պիտի շարունակենք մեր ջանքերը՝ Իրանի հայերուն հետ կապ հաստատելու համար”,– ըսած է Սինանեան։
Ան նաեւ յիշեցուցած է 2025 Յունիսին՝ Իսրայէլի հետ 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ օրերուն տեղեկութիւնները կը ստացուէին Հայաստան-Իրան սահմանի Մեղրիի անցակէտին վրայ ստեղծուած միջոցներով։
“Այդ ժամանակ Իրանի հայերուն մասին մենք տեղեկութիւններ կը ստանայինք սահմանը անցնող մեր հայրենակիցներուն միջոցով։ Հաւանաբար նոյն բանը պէտք է այսօրուընէ սկսեալ ընել նաեւ այս պարագային, քանի որ տեղեկատուական այս դադարը մեզ շատ կը մտահոգէ”,– նշած է ան։
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը աւելցուցած է, որ այս պահուն առկայ չէ բաւարար տեղեկութիւն, որպէսզի հայերու տարհանում կազմակերպուի․ “Անմիջապէս որ համապատասխան տեղեկութիւն ունենանք Իրանի մեր հայրենակիցներուն մասին, անշուշտ այդ քայլին պիտի ձեռնարկենք”,– ըսած է Գլխաւոր յանձնակատարը։
Պատասխանելով «կարելի՞ է արդեօք մասնագիտական խումբ ուղարկել Իրան» հարցումին՝ Սինանեան նշած է, որ ներկայ պահուն այդ իրատեսական չէ։
“Այս պայմաններուն մէջ իրատեսական չէ մասնագիտական կամ որեւէ այլ խումբ ուղարկելը, քանի որ մեզի համար պատկերը տակաւին անհասկնալի է․ չենք կրնար գիտնալ, թէ ո՛ւր կ՚ուղարկենք։ Պէտք է հասկնանք, գոնէ մօտաւոր պատկերացում ունենանք, թէ ինչ կը կատարուի յատկապէս հայաշատ քաղաքներուն մէջ եւ, ըստ այնմ, կողմնորոշուինք մեր հետագայ ընելիքներուն հարցով”,– շեշտած է Սինանեան։
Սինանեան՝ սուրիահայութեան. «Հայաստանի մէջ շատ աւելի լաւ է, եւ եթէ կարելիութիւն ունիք, եկէք Հայաստան»
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ՝ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ նշելով, որ ցաւօք, Սուրիոյ մէջ կատարուողը մնայուն բնոյթ կը կրէ, եւ մարդիկ արդէն վարժուած են այդ ամէնուն։
“Ես ցաւով կ՚ըսեմ այդ, անշո՛ւշտ։ Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի մէջ շատ աւելի լաւ է, եւ եթէ կարելիութիւն ունիք, եկէք Հայաստան, քանի որ ապագան Սուրիոյ մէջ շատ մշուշոտ է”,– ըսած է Սինանեան՝ դիմելով սուրիահայերուն։
