«Wizz Air»-ը Երեւանէն թռիչքներ պիտի սկսի երեք նոր ուղղութիւններով

Օդանաւ

Հունգարական՝ մատչելի գիներով թռիչքներ ապահովող «Wizz Air» օդանաւային ընկերութիւնը կ՚ընդլայնէ Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը՝ Երեւանի մէջ խարսխուած իր օդանաւերուն թիւը հասցնելով չորսի եւ բանալով երեք նոր ուղղութիւն։

Ընկերութեան գլխաւոր առեւտրային տնօրէն Եան Մալին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ նոր թռիչքները պիտի կատարուին դէպի Պազել (Զուիցերիա), Վալենսիա (Սպանիա) եւ Վառնա (Պուլկարիա)։ Մասնաւորապէս՝ Դեկտեմբեր 18-էն սկսեալ շաբաթական երեք թռիչք պիտի կատարուի դէպի Պազել, Դեկտեմբեր 19-էն՝ շաբաթական երկու թռիչք դէպի Վալենսիա, իսկ Յունիս 6-ին պիտի մեկնարկուի դէպի Վառնա ուղղութիւնը։

Ըստ Մալինի՝ Դեկտեմբեր 17-ին չորրորդ օդանաւի Երեւան ժամանումէն ետք պիտի աւելնայ նաեւ արդէն գոյութիւն ունեցող շարք մը ուղղութիւններով թռիչքներու յաճախականութիւնը. Երեւան-Փրակա թռիչքները պիտի հասնին շաբաթական հինգի, իսկ դէպի գերմանական Մեմինկէն քաղաք՝ չորսի։ Նշենք, որ ընկերութիւնը Հայաստանէն արդէն ունի 18 ուղղութիւն՝ դէպի եւրոպական 12 երկիրներ։

Տնօրէնը նաեւ ընդգծած է, որ «Wizz Air»-ի շուրջ 270 օդանաւերուն մեծ մասը «Airbus A321neo» տիպի են, որոնք կը յատկանշուին վառելանիւթի խնայողութեամբ, ինչ որ կարեւոր է նաեւ բնապահական տեսանկիւնէն։ Ընկերութիւնը, որ այս տարի կը նախատեսէ հասնիլ 100 միլիոն ճամբորդի սպասարկման, իր օդանաւերը ներկայիս կը կայանէ 44 օդակայաններու մէջ։