Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Էքսփօ 2020 Տուպայ» համաշխարհային ցուցահանդէսին բացուած է Հայաստանի տաղաւարը

Տուպայի մէջ Հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած է համաշխարհային ամենամեծ ձեռնարկներէն մէկը հանդիսացող Համաշխարհային ցուցահանդէսին՝ «Էքսփօ 2020 Տուպայ»-ի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ներկայ գտնուած են աշխարհի աւելի քան 190 երկիրներու, ի շարս որոնց Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնները. հայաստանեանը գլխաւորած է ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան։

Հոկտեմբեր 1-ին ցուցահանդէսը արդէն իր դռները բացած էր միլիոնաւոր այցելուներու առջեւ։

«Էքսփօ 2020 Տուպայ» ցուցահանդէսին բացուած է նաեւ Հայաստանի տաղաւարը, որու առաջին այցելուն եղած է Հայաստանի պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի տաղաւարին պաշտօնական բացման ներկայ եղած է Ռուսաստանի Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարի տեղակալ Ալեքսէյ Կրուզտեւ եւս։

Հայկական տաղաւարին մէջ նախարար Քերոբեան հիւրընկալած է նաեւ ԱՄԷ-ի Արտաքին առեւտուրի նախարար Թանի Պին Ահմէտ ալ Զեյութին։ Տաղաւարի այցելութեան ընթացքին Վահան Քերոբեան իր արաբ գործընկերոջ ծանօթացուցած է ազգագրական առանձնայատկութիւններով և արհեստագիտական յաւակնութիւններով «էթնոթեք» յղացքը, որով Հայաստան կը ներկայանայ այս ցուցահանդէսին, ներկայացուցած է արհեստագիտական ու թուային լուծումները եւ անոնց կիրարկումը, զբօսաշրջութեան հատուածը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած մշակութային նմուշները, որոնք Հայաստանէն Տուպայ բերուած են։

Աւելցնենք որ այս ցուցահանդէսի ընթացքին Հայաստանի տաղաւարը պիտի ունենայ տարբեր բնաբաներով շաբաթներ եւ պիտի ներկայացնէ «Made in Armenia» չորսօրեայ ցուցահանդէս մը։

Համաշխարհային ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ հինգ տարին անգամ մը եւ ամբողջ վեց ամիս կը հիւրընկալէ բազմաթիւ երկիրներ։ Ան առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1851-ին Լոնտոնի մէջ. Համաշխարհային ցուցահանդէսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով զայն կը հիւրընկալէ արաբական երկիր մը։